ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Թուրքիա պատրաստ է քաղաքը (Այն Արապը) պաշտպանելու համար պէտք եղած ամէն բան կատարելու», սակայն իր երկիրը այդ ուղղութեամբ ոչինչ կը կատարէ, որովհետեւ անոր յայտարարութեան մէջ գոյութիւն ունի լռելեայն «եթէ» մը: Արդարեւ, թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) ղեկավար Սալիհ Մուսլիմին 4 հոկտեմբերին երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին փոխանցած էին երեք նախապայմաններ. 1) Սուրիական վարչակարգին դէմ հրապարակային կեցուածք որդեգրելով միանալ Սուրիական ազատ բանակին, 2) խզել ՔԱԿ-ի հետ կապերը, 3) հրաժարիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ինքնավարութենէն:
Հակառակ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ տրուած կանաչ լոյսին, թրքական բանակը տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի ուղղութեամբ փամփուշտ մը իսկ չէ արձակած, որովհետեւ այդ խմբաւորման «գործը» տակաւին չէ աւարտած: Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ը կ’օգտագործէ քիւրտերը շանթաժի ենթարկելու եւ անոնց զիջումներ պարտադրելու համար: Յստակ էր, որ Անգարա պիտի չփրկէ Այն Արապը, որպէսզի անոր ճակատագիրը «յամառ» քիւրտերուն վրայ ճնշում բանեցնելու ազդակի վերածուի: Թուրքիա` իբրեւ հոգեբանական ճնշումի միջոց, իր հրասայլերը Այն Արապի հետ սահմանին մօտ շարեց, որպէսզի քիւրտերը զանոնք տեսնելով գիտնան, որ իրենց կեանքերը կրնան շուտով փրկել, եթէ թրքական պայմանները ընդունին: Մուսլիմ ի զուր չյայտարարեց. «Այն ինչ որ Այն Արապի մէջ տեղի կ’ունենայ, քիւրտերուն դէմ մեծ դաւ մըն է»:
Թուրքիոյ ղեկավարները կ’անտեսեն Ապտիւլլա Օճալանի այն զգուշացումը, որ Այն Արապի գրաւումը Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն հետ հաշտութեան հոլովոյթին վերջը կը նշանակէ: Անոնք կը թուին պատրաստ ըլլալ վտանգելու այդ հոլովոյթը` հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական ինքնավարութեան ընդլայնման նախադէպը կանխարգիլելու սիրոյն: Անոնց մօտ հաւանաբար այն համոզումը գոյութիւն ունի, որ անոր ժխտական ազդեցութիւնը ժամանակի ընթացքին կը չքանայ եւ հոլովոյթը կը վերակենդանանայ:
Անգարա մեծ սխալ գործեց, երբ փորձեց ՏԱՀԵՇ-ը օգտագործել նաեւ Ուաշինկթընի վրայ ճնշում բանեցնելու համար: Թուրք ղեկավարներուն համար քրտական հարցին կողքին առաջնահերթութիւն է նաեւ Սուրիոյ վարչակարգին տապալումը: Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Քանի տակաւին Պաշշար Ասատ կը շարունակէ պաշտօնավարել, սուրիական աւելի մեծ թիւով քաղաքներ պիտի անցնին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն վերահսկողութեան տակ»: Ուաշինկթըն երէկ շատ հնչեղ կերպով մերժեց այս շանթաժը եւ վիժեցուց առաջնահերթութեանց այս տարազը պարտադրելու Անգարայի փորձը: Պաշարուած Այն Արապի գրաւումը, որ Էրտողանի իսկ վկայութեամբ թուրք ղեկավարներուն շատ մօտ կը թուէր, յանկարծ չիրականացաւ, որովհետեւ Ուաշինկթընի ղեկավարած դաշինքին ռմբաձիգները միջամտեցին եւ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող զինեալներուն ստիպեցին քաղաքէն փախուստ տալ: Թուրք ղեկավարներուն զայրոյթը կարելի է միայն երեւակայել: Ուաշինկթըն արդէն իսկ Տաւութօղլուի պնդումին բանաւոր կերպով պատասխանած էր` յայտնելով, որ ներկայիս իր առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն է, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դժուար պայմաններու մէջ հերոսական պայքար մղող քիւրտերուն ցուցաբերուած այս աջակցութիւնը եկաւ այդ պատգամը ընդգծելու:


