«Ազրպէյճանի պէս երկիրներու մէջ օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը»:
ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, երբ աշխարհի զանազան կողմերէն ղեկավարներ ժամանած էին Նիւ Եորքի, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գիտաժողովին մասնակցելու, այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` անհանգստացնելով Ալիեւն ու իր «օլիկարխները»:
Այնքան մը, որ Ազրպէյճանի բանբեր Նովրուզ Մամետով բեմ բարձրանալով` փորձեց պատասխանել, հարցադրելով, թէ հակառակ այս բոլորին` մինչեւ այսօր Պաքուն կը հանդիսանայ արեւմտեան աշխարհի ռազմավարական գործընկերը:
Կը թուի, թէ նմանօրինակ արտայայտութիւններ հակառակ ազդեցութիւնը կ՛ունենան եւ հետզհետէ աւելի կը զարգացնեն Ալիեւի եւ իր վարչակազմի մեծամոլութիւնն ու հալածախտի տառապանքը:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Ալիեւ, Օպամայի կատարած արտայայտութիւններու օրերուն իսկ, առանց որեւէ բարդոյթի, նոր հրամանագիր մը լոյս ընծայեց` յայտնելով, թէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անհրաժեշտ միջոցներ պիտի որդեգրուին ստեղծելու համար կամաւորական ջոկատներ, որոնք հետեւողական ձեւով պիտի հետեւին ռազմափորձերու:
Դեռ այսքանով ալ չբաւարարուելով` Ալիեւ հրահանգած է իր հլու կամակատարներուն, որ ռազմական դրութիւն հաստատուի եւ ծանր պատիժ տնօրինուի այն անհատին, որ զինուորական ոլորտի պետական գաղտնիք ընդգրկող տեղեկութիւններ կը հրապարակէ եւ կը տարածէ:
Ալիեւ նոյնիսկ հրահանգած է պաշտպանութեան նախարարութեան, որ շփման գիծին վրայ աշխատող լրագրողներու հաւատարմագրման նոր կարգ պէտք է սահմանել եւ, այսպէս, ազերի լրագրողներ դիւրութեամբ պիտի չկարենան մուտք գործել զանազան ճակատներ` զոհը դառնալով այս հրամանագրին:
Աւելի բան կարելի չէ սպասել ղեկավարէ մը, որ դեռ քանի մը օր առաջ կալանքի տակ գտնուող իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսը ծանրօրէն խոշտանգած է բանտի աշխատակիցներուն միջոցով: Բանտապահները անխնայ գտնուած են եւ ամենայն սաստկութեամբ հարուածած են անոր երիկամունքներուն եւ ամենայն վայրագութեամբ քաշած են անոր մազերը` զերծ պահելով բժշկական ամենադոյզն օգնութենէ եւ խնամքէ:
Միեւնոյն ոճն էր, որ շատ աւելի սաստկութեամբ կատարուեցաւ շաբաթներ առաջ սահմանամերձ Չինարի գիւղի անմեղ գերեվարուած բնակիչ Կարէն Պետրոսեանին հանդէպ, որ ծանր ու անմարդկային հարուածներուն չդիմանալով` տեղի տուաւ եւ մահացաւ: Նաեւ` չմոռնալ տարիներ առաջ 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ազերի Ռամիլ Սաֆարովի կատարած արարքը® որ կացինահարած էր ՕԹԱՆ-ի մէկ ձեռնարկին մասնակից հայ բանակային Գուրգէն Մարգարեանը:
Այս անմարդկային մոլուցքներուն դիմաց, Օպամայի շեշտած արտայայտութիւնը, թէ` Ազրպէյճանի պէս վայրերու մէջ օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, նոյնիսկ մեղմ քննադատութիւն կարելի է նկատել:
