Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայամէտ Թուրք Մտաւորականները Մահուան Սպառնալիք Կը Ստանան

October 8, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

NorMarmara_AYden-BelgeԹրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թարաֆ» թերթի հրապարակագիր Մուրատ Պելկէի ու «Ճումհուրիյէթ» թերթի թղթակից Այտըն Էնկինի դէմ մահուան սպառնալիք կատարուած է:

Ըստ «Թարաֆ» թերթին, «Թէ. 24» համացանցային լրատու կայքին հաղորդուած է, թէ մահափորձ պիտի կատարուի վերոյիշեալ երկու լրագրողներուն դէմ: Սեպտեմբեր 29-ի երեկոյեան, «Թէ. 24»-ի շէնքի դրան տակէն ներս նետուած երկտողի մը մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Մուրատ Պելկէի ու Այտըն Էնկինի մասին վճիռը տրուած է եւ այս մասին ճշդուած է նաեւ, թէ որո՛նք պարտականութիւն պիտի ստանձնեն: Թուականը պիտի հաղորդուի աւելի ուշ: Ես, որպէս հայրենասէր անձ, այս որոշումը սխալ կը գտնեմ: Կը տեղեկացնեմ: Պարտականութիւն ստանձնողներուն պիտի յանձնուին մաքուր գործիքներ»:

Պահարանին վրայ կապոյտ մելանով գրուած էր հետեւեալը. «Հայրենասէրի մը կողմէ` մեծայարգ Այտըն Էնկինին»:

Մուրատ Պելկէ, որ նաեւ «Պիլկի» համալսարանի դասախօս է, այս մահափորձի լուրին կապակցութեամբ «Թարաֆ» թերթին յայտնած է, որ չի կարծեր, թէ այս սպառնալիքը կու գայ աթաթիւրքեան շարժումի եւ պետական հարուածի կողմնակիցներէն կամ ազգայնամոլ շրջանակներէն: «Ես «Կեզի» հանրապարտէզի դէպքերէն ի վեր կը գրեմ իշխանութիւնները քննադատող յօդուածներ. կ՛երեւի, թէ կ՛ուզեն մեզ վախցնել, մեր ձեռքը բռնել ու մեր գրելուն արգելք ըլլալ: Այս պատճառով է, որ այսպիսի սպառնալիք մը կ՛ընեն»:

«Ճիհան» գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, թէ երկու լրագրողներն ալ վերջերս ստորագրած էին դասագիրքերը ետ հաւաքելու ու հայ աշակերտներէն ներողութիւն խնդրելու համար հաղորդագրութիւն մը` բազմաթիւ այլ մտաւորականներու եւ հանրային գործիչներու հետ միասին:

 

Նախորդը

Տինքի Կինը Տէրսիմահայերուն Կոչ Կ՛ընէ Չվախնալու Իրենց Արմատներուն Վերադառնալէն

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Կը Հակազդէ Աթէնքի Մէջ Ազերիական Ձեռնարկին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.