Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Նիստին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Վարդանեան: Նիստին հրաւիրուած էին նաեւ Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան փոխնախագահ Հրայր Տանձիկեան եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեան:
Քննարկումները կը վերաբերէին դեկտեմբեր 2014-էն սկսեալ տեղի ունենալիք տարբեր բնոյթի ձեռնարկներուն եւ անոնցմէ ոմանց պարագային 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն հետ համագործակցաբար տեղի ունենալիքներուն:


