ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու («MMA») մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Խաչատրեան:
«ProFC» վարկածով խառն մարտարուեստներու կրկնակի ախոյեան Խաչատրեան, որ ցարդ պարտութիւն չէ կրած, 70 քկ դասակարգին մէջ յաղթելով հարաւային քորէացի Չժօ Տոն Հուանին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` իրաւարարներու միաձայն որոշումով:


