Իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ եթէ Լիվըրփուլ կը փափաքի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուայինի ստորագրութիւնը ձեռք ձգել, ապա ուրեմն պէտք է պատրաստուի վճարելու 100 միլիոն եւրօ:
Անգլիական մամուլին համաձայն, վերջին շրջանին Լիվըրփուլ բանակցութիւններու սկսած էր` ձեռք ձգելու համար Նափոլիի արժանթինցի յառաջապահին ստորագրութիւնը, թէեւ նոյնինքն Հիկուային կը յայտնէ, որ ինքզինք շատ լաւ կը զգայ Նափոլիի հետ:


