ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով` աւելցնելով, որ այդ առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2014-ին պիտի ընդունի Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին, որուն հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ պէտք է անպայման աշխուժացնել օրէնսդրական աշխատանքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք աւելի քան որեւէ ժամանակ վստահ է, թէ Թրիփոլիի դէմ դաւադրութիւն մը կը նախապատրաստուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, արձանագրուած են որոշ մտահոգութիւններ, թէ Լիբանան եւ լիբանանցիները յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին կրնան ողբերգական զարգացումներ վկայել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցի պատասխանատուն ուղղակի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հետ հանդիպումներ ունեցած է` առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին առիթով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ իրենք աշխատավարձի յաւելումներուն օրինագիծը մերժած են Յաւելուած արժէքի տուրքը մէկ առ հարիւրով բարձրացնելու կարելիութեան դէմ արձանագրուած մերժումին պատճառով: Ժարրահ աւելցուց, որ իրենք իրենց թեկնածութիւնը յետս պիտի կոչեն` նախագահական ընտրութիւն չկատարելու պարագային:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը մերժէ Ռումիէի մէջ գտնուող 400 արգելափակեալները փոխանակել առեւանգուած բանակայիններուն հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չյամառի մերժել առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու տեսակէտը, եթէ այդ առումով գրեթէ ամբողջական համաձայնութիւն գոյանայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրներ զգուշացուցած են զինեալ յարձակումներէ, որոնք կը ծրագրուին հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող խմբաւորումներուն կողմէ:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու շեշտեց, որ իրանեան իշխանութիւնները կը խանգարեն լիբանանեան բանակին ընթացքը, իսկ Հըզպալլա ինքզինք կը նկատէ Լիբանանի իսկական բանակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ զինուորական անձնակազմին աշխատավարձի յաւելումները քաղաքացիներուն յաւելումներէն պէտք է անջատուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան կատարուած օրէնսդրական աշխատանքը նախագահական պաշտօնի լուսանցքայնացում է:
ԱՆԾԱՆՕԹ մը նախանցեալ օր կրակ բացաւ Զահիրիէի մէջ գտնուող բանակի անցարգելին վրայ:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար նախապատրաստական աշխատանք կը տանի Թրիփոլիի մէջ իսլամական-քրիստոնէական խորհրդաժողով մը կայացնելու առումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական կառոյցներ կը ծրագրեն արմատախիլ ընել ծայրայեղական խմբաւորում մը, որուն կը նախագահեն դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած երկու յանցագործներ Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ահաբեկչական կազմակերպութեան մը պատկանելու հարցով ամբաստանեց ձերբակալեալ Մոհամետ Այուպին եւ անոր թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն օրինագիծին շուրջ ընթացող խորհրդակցութիւնները բնական են` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կը միտի վաւերացնել այդ օրինագիծը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան զինուորական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմած են բարձրաստիճան զինուորականներ, մեկնած է Մոսկուա` «Ռոս Օպըրն» զէնք արտածող ընկերութեան հետ համաձայնագիր ստորագրելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջին կեցուածքներուն մէջ «յառաջդիմութիւն» մը արձանագրուած է` աւելցնելով, որ իրենք կը մաղթեն, որ Ժոմպլաթ որդեգրէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումը անհրաժեշտութիւն դարձած է` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան կայացման եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող միջազգային եւ շրջանային համաձայնութիւն գոյացած է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ սահմանամերձ շրջանին մէջ գաղթակայաններ հիմնելու կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ այդ մասին տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:


