Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի հովանաւորած` Սուվորովի եւ Մատաթովի անուան ռազմական ակադեմիայի շինարարութիւնը կասեցուած է: Այս մասին յայտնած է Վանքի գիւղապետ Անդրէ Սարգսեանը:
«Արդէն 2 շաբաթ շինարարութիւնը կանգնել է, պատճառն ինքներդ էլ հասկանում էք, որ Լեւոն Հայրապետեանի կալանքն է: Հայրապետեանն ուզում էր, որ մեր ազգի համար լաւ բան անի, աճ տայ Արցախին: Երեք յարկանի հսկայական շէնք էր լինելու, հսկայական տարածք էր», ըսած է ան:
Գիւղապետին խօսքով, ակադեմիայի առաջին յարկի շինարարութիւնը գրեթէ աւարտած էր: Նաեւ, գործարարը, նախքան ձերբակալութիւնը, կը պատրաստուէր սպաներու համար յատուկ բնակարաններ կառուցել: Լեւոն Հայրապետեան անցած յուլիսին Հայաստան եկած էր յատկապէս ակադեմիայի շինարարութեան հետեւելու համար:
Յիշեցնենք, որ 2014-ի յուլիս 24-ին Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն «Պաշնեֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերը յափշտակելու եւ անօրինական ճանապարհով ստացուած գումարները իւրացնելու կասկածով ձերբակալեց հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանը: Իսկ սեպտեմբերի 12-ին Հայրապետեան եւս մէկ այլ յանցանքով մեղադրուեցաւ` մեքենայութեան յօդուածով: Լեւոն Հայրապետեան մինչեւ Դեկտեմբեր 15 պիտի մնայ կալանքի տակ:
