Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեսաղոնիկէի Մէջ Կը Հանդիպի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ

September 30, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0925_Aram-I_Political-personalitiesՀինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբով եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ  Ափոստոլոս Ծիծիքոսթասի:

Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի իւրայատուկ ներդրումին:

Կէսօրին, վեհափառ հայրապետը այցելեց Անաթոլիա ամերիկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցաւ քոլեճի նախագահ Փանոս Վլախոսի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Վլախոս գոհունակութիւն արտայայտեց այս այցելութեան համար եւ նշեց Անաթոլիա քոլեճին կապը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն հետ:

Վեհափառ հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին հետ սերտօրէն շաղախուած Անաթոլիա քոլեճին մէջ: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով յայտնեց, որ  որբերու նուիրուած թանգարան մը շինութեան ընթացքի մէջ է «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Ապա, քոլեճի պատասխանատուները վեհափառ հայրապետին ցոյց տուին իրենց գրադարանին մէջ գտնուող հայկական ձեռագիր մը, ինչպէս նաեւ քոլեճի պատմութեան եւ հայ որբերու հետ առնչութիւն ունեցող լուսանկարներ:

Յետմիջօրէին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Եորղոս Օրֆանոսի: Նախարարը խօսեցաւ Յունաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ յունահայ գաղութին եւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին գնահատեց նախարարին ցուցաբերած զօրակցութիւնը, յատկապէս Յունաստանի հիւսիսային քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայ գաղութներուն գծով: Ապա, ընդառաջելով նախարարի փափաքին, ան իր տեսակէտը պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շրջանի զարգացումներուն մասին:

Երեկոյեան վեհափառ հայրապետին ի պատիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Ներկայ էին Թեսաղոնիկէի Անթիմոս մետրոպոլիտը, հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Եորղոս Օրֆանոսը, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ: Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով կարեւորութեամբ շեշտեց պետական պատասխանատուներուն դրական արժեւորումը Յունաստանի հայ գաղութին կապուածութեան: Ան ըսաւ. «Մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը միայն Թեսաղոնիկէի մէջ չէ, այլեւ ամէնուրեք. ուր որ հայեր եւ յոյներ կը հանդիպին իրարու, անոնք համերաշխօրէն կ՛աշխատակցին ի խնդիր մեր երկու ժողովուրդներու երազներու իրականացման եւ արդարութեան տիրացման»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քաւալայի Եւ Քսանթիի Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Մամուլին Դերը Համաշխարհայնացուած Աշխարհին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.