Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Նահատակներուն Մայրերը Չեն Լար…»

September 30, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ա.

Հինգշաբթի, 25 սեպտեմբերի կէսօր: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կինը կը հիւրընկալուի Ազգային առաջնորդարանին յարկին տակ, Լա Քրեսենթա: Հիւրին ու հիւրընկալին միջեւ զրոյցը բնականաբար կը ծաւալի Հայաստանի ու Արցախի իրադարձութեանց շուրջ, կ՛ընդգրկէ մեր բանակին ու անոր քաջարի զինուորներուն առօրեան, սահմանային դիրքերու վրայ արձանագրուող բախումներուն հետեւանքները… Բացատրութիւնները հպարտութիւն կը ներշնչեն,  կը վերածուին հայրենիքին ու անոր պաշտպաններուն հետ հաղորդակցութեան լարի, դրապէս կը յուզեն:

Հիւր տիկնոջ մէկ արտայայտութիւնը կ՛անշարժացնէ ուշադրութիւնս, խռովքը կը փշաքաղէ էութիւնս ու կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդս, զիս պահ մը կ՛անջատէ զրոյցէն: Խօսելով թշնամիին հետ ճակատումներուն ընթացքին ինկող զոհերուն մասին` կ՛ըսէ. «Գիտէ՞ք, մեր հերոս նահատակներուն մայրերը չեն լար յուղարկաւորութեան պահուն», իսկ քիչ ետք, յիշատակելով նահատակի մը անունը, կը բացատրէ, որ անոր մայրը թոյլ չէ տուած, որ ուրիշն ալ լայ:

Բ.

Հինգշաբթի, 25 սեպտեմբերի երեկոյ: «Մեր նահատակներուն մայրերը չեն լար…» բառերը կը շարունակեն արձագանգել ուղեղիս մէջ, կը լարեն յիշողութեանս զսպանակները, զիս կը տանին դէպի հին ու նոր օրեր, հերոսական դրուագներու աշխարհը` Սասունէն մինչեւ Սարդարապատի ու Արցախի խիզախումներուն աշխարհը:

Գրադարանէս կը վերցնեմ ազգային-յեղափոխական երգերու գրքոյկ մը, թռուցիկ ակնարկով կը դարձնեմ էջերը: «Էրկիր»-ի ֆետայիներու օրերէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ ու մինչեւ մեր օրերը երկարող սխրագործութիւններուն համայնապատկերը կայ այդ երգերուն մէջ: Հոն կան հերոսներ ծնող մայրերու եւ անոնց արժանաւոր զաւակներուն միջեւ սքանչելի «զրոյցներ», որոնց նորագոյն արձագանգն է «նահատակներուն մայրերը չեն լար» խօսքը:

Հայաստանի քայլերգին մէջ կայ «բայց երանի որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի» պատգամը: Կախաղան բարձրանալու պատրաստուող Արամ Արամեան կ՛ուզէ իր ժամացոյցը ղրկել մօրը, անոր չիմացնել, թէ ինք կախաղան կը բարձրանայ, ու երգը կը վերջանայ «հայրենիքին համար զոհ գացողը անվախ գերեզման կը մտնէ» գաղափարով: Ուրիշ երիտասարդ ֆետայի մը ազգի ազատութեան համար պայքարի երթալու պահուն կը խնդրէ մօրմէն, որ չլայ, այլ գիշեր ցերեկ աղօթէ (հայրենիքին ու պայքարին յաջողութեան համար): Ամուսինը ոճրագործ թշնամիին զոհ տուած մայրը դեռատի զաւակին հասակը կը շոյէ, կը պատրաստէ արդար վրիժառութեան` խոստանալով իր կաթը հալալ ընել միայն այն ատեն, երբ քաջի պէս կռուիլ սորվի: Այլ տեղ ֆետային կը գոչէ` «պէտք է կռուել եւ ոչ թէ լաց լինել», ու անէծք կը կարդայ այն հօր, որ իր որդին չի մղեր հայրենիքին համար արիւն թափելու: Նուազ դիպուկ չէ «Զարթի՛ր, որդեա՛կ» գոչող մայրը, որ գիրքի ու թուղթի տեղ անոր զէնք տալու պահուն կը հրահանգէ` գնա՛, մեռիր ազգիդ համար, որպէսզի երկիրդ ու ազգդ փրկուին: Հազիւ 21 տարեկան դարձած Կիկոյին հայրը պատրաստ է զոյգ մը եզը ծախելու եւ զէնք գնելու, որպէսզի զաւակը «ֆետայի գրուի», ու պատրաստ է մեռնելու այդ պատկերը տեսած օրը: Տակաւին, պատերազմի ճակատէն, հայ զինուորը կ՛ուզէ մտքով տուն թռչիլ, անքուն մայրը գրկել ու անոր հոգին սփոփել…

***

Աւելի քան մէկ դարու ապրո՛ղ պատմութիւն, մեր ժողովուրդի բազմադարեան պայքարին հպարտառիթ արձագանգները, դարեր առաջ սկսած ու ցայսօր շարունակուող զրոյց`  զաւակներու եւ ծնողներու միջեւ, ազգին ու հայրենիքին համար կեանք զոհաբերելու եւ այդպէսով անմահութիւն շահելու մասին, հայրենիքին յաւերժութիւնը երաշխաւորելու մասին…

«Մեր նահատակ հերոսներուն մայրերը չեն լար», որովհետեւ «Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն» յորդորը, ուղիղ մէկ ու կէս դար ետք ալ, նոյն թարմութեամբ կը հնչէ այսօր, Հայաստանի ու Արցախի մէջ, անոր արձագանգը կը տարածուի հայաշխարհի չորս ծագերուն:

25 սեպտեմբեր 2014

Նախորդը

Հայերէնի, Գիր Ու Գիրքի Համատարած Աւերման Խնդիրներով

Յաջորդը

«Օրիորդ Պապիկ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.