Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ յունական Օլիմփիաքոսի ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան, որ իր ակումբին կատարած վերջին մրցումին վիրաւորուեցաւ, շուրջ 4 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ասիկա յստակացաւ, երբ ան Աթէնքի մէջ քննութիւններու ենթարկուեցաւ, որմէ ետք բժիշկները կատարեցին այս յայտարարութիւնը:
Այսպիսով, Ղազարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Հայաստանի կատարելիք երկու մրցումներուն` Սերպիոյ (11 հոկտեմբեր) եւ Ֆրանսայի (14 հոկտեմբեր) դէմ:


