Երեւանի Աւանի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած Յակոբ Տոնոյեանի անուան Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, որ իրարու դէմ հանեց Բանանցը եւ Փիւնիկը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով: Բանանց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:
Յաղթական կազմին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Վալթեր Պօղոսեան (14-րդ), Գէորգ Նռանեան (38-րդ) եւ Գարեգին Մաշումեան (45-րդ):
Նշենք, որ օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր Սուրէն Պալիեան:


