«Լա լիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ 5-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-1) յաղթեց իր հիւրին` Էլչէի:
Թէեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին նշանակեց չորս կոլ, երկուքը` փենալթիով, սակայն անոր նշանակած այդ չորս կոլերը քիչ մը շուքի մէջ մնացին` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբին առաջին կոլը նշանակած Կերըթ Պէյլ պատմական օր մը ապրեցաւ, որովհետեւ ան «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մարզադաշտին մէջ նշանակեց 3000-րդ կոլը:


