Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄՇԻԹԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ` Ի ՊԱՏԻՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

July 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանցի հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներ` հանրապետութեան նախագահի բնակարանին մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ երեկոյեան Ամշիթի իր բնակարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Լիբանանի մէջ վերջին հանգրուանին արտասանուած խօսքերն ու կատարուած յայտարարութիւնները եղած են սուր բնոյթի յայտարարութիւններ, որոնք երկրին ազգային միասնականութիւնը կրնան ցնցել:

Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին երկար ժամանակ խլուեցաւ կազմելու համար երեք կառավարութիւններ, որոնք իրենց ներքին քաղաքական հարցերով տարուեցան եւ մեծ թիւով ծրագիրներ կարելի չեղաւ գործադրել, հետեւաբար քաղաքացին ձգուեցաւ առանց բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան:

«Այսօր սակայն առիթը ընծայուած է գործադրելու այդ ծրագիրները: Այս հանգրուանին կառավարութիւնը կը գտնուի ընդդիմութեան հսկողութեան տակ եւ անհրաժեշտ է, որ ան գործադրէ լիբանանցի քաղաքացիներուն կենսական ծրագիրները, որոնք քաղաքացիներուն իրաւունքներն են», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ արդիւնաբեր կառավարութիւն մը, քաղաքականութիւնը եւս ունենայ իր յատուկ շրջագիծը, իսկ արդարութիւնը պէտք է ունենայ իր անկախ ընթացքը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի ձեռնարկէ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն հետ հանդիպումներու շարքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ երկխօսութեան որոշ քայլերու, որոնց նպատակն է պահպանել Լիբանանը եւ զայն ամրապնդել ներքին թէ արտաքին վտանգներէ, ինչպէս նաեւ շարունակել երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան մը քննարկումը:

Նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ նաեւ նախորդ տարիներուն Լիբանանի մէջ պարզուած սահմանադրական բացթողումի իսկական հարցերուն, որոնց իբրեւ հետեւանք պետութեան ու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը տուժեց եւ պատճառ դարձաւ, որ հանրապետութեան նախագահը չկարենայ կտրական որոշումներ տալ` իբրեւ կառավարիչ եւ իրաւարար:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամէն իմաստով ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, պահպանելու երկրին համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պահպանելու երկիրը կառավարելու իմաստով գործակցութիւնը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գործակցութեան եւ սիրոյ ուռկանները նետելու խորերը եւ վկայելու, որ Աստուած ինչպիսի՛ հրաշալի որսորդութիւն մը պիտի ապահովէ իրենց:

 

 

Նախորդը

ԱՆՆԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.