Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն

September 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը` երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխու պտոյտ տուող զառիթափին վրայ սա նահանջը կը ջնջէ, կը ձուլէ, կ՛անհետացնէ ամէն բան:

Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ

Մեծ խաղը, զոր կը վարեն աշխարհին տէրերը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ տարր, հետեւաբար նաեւ` հայ, չի ալ նկատեր. այսպէս է քաղաքական մեկնաբաններուն կարծիքը: Յիրաւի հետեւանքը` հալէպահայ գաղութին օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի նուազիլը կը տեսնենք: Արդէն ոչ թէ բարեկամներդ ու ծանօթներդ, ծանօթ դէմքերն ալ պակսած են, ու քաղաքը օրէցօր կը խորթանայ մնացողին:

Գոյութիւն ունի՞ արդեօք ծրագրուած մօտեցում ժողովուրդի այս նահանջին, գաղութը պահպանել- պարպելու խնդիրին: Առայժմ նման բան նկատելի չէ: Կան միայն խօսքեր` «Պէտք է պահպանել գաղութը», կամ` «Այս կրակին տակ որո՞ւ կրնաս մեղադրել»: Մեղադրես թէ ոչ` մարդիկ կը հեռանան: Թէկուզ եւ` պարտադրուած նահանջ, սակայն պիտի ուզէինք, որ չըլլար «առանց երգի», այլ ըլլար ծրագրուած ու կանոնաւոր, մանաւանդ որ պատերազմին արդէն երեք ու կէս տարի եղաւ…

Գաղթողը` գաղթող, մնացողներուն համար կը ծագին բազմաթիւ հարցեր: Բարեկեցիկ դասակարգին հեռանալը, անտարակոյս, տկարացուց գաղութին նիւթական հիմերը, որոնք յենած են նաեւ բարեգործութեանց վրայ: Կը հեռանայ նաեւ միջակը: Չենք գիտեր, թէ այս անկազմակերպ ու խուճապային գաղթէն ետք որքա՞ն հայութիւն պիտի մնայ գաղութին մէջ: Կը մխիթարուինք, որ դեռ կա՛յ ժողովուրդ, կը գործե՛ն մեր հաստատութիւնները` առաւել մեծ ճիգերու ու կամքի շնորհիւ: Ու թէեւ ապագան կատարելապէս մշուշոտ է, սակայն յուսահատ չենք. կը տագնապինք, բայց նաեւ կը փորձենք այս դժնդակ օրերուն աւերները շինիչ աշխատանքով նորոգել` պահելու համար մայր գաղութը:

Եթէ դրամատէր դասակարգին հեռանալը տկարացուց գաղութին նիւթական հիմերը, սակայն անոր հետ ու աւելի դժուար դարմանելին կայ` մտաւորական կոչուող կարեւոր մէկ տարրին գաղթելը: Բնաւ դատաւորի աթոռի չեմ նստիր ու ոչ ոք մեղադրել կը փորձեմ, մանաւանդ որ ամէն ոք իրաւունք ունի իր ու ընտանիքին ապահովութեան մասին մտածելու: Այսօրուան իրավիճակին ու  վաղուան հետեւանքներուն մասին կը մտածեմ:

Վերջերս յօդուածագիր մը տեղին ու իրաւացիօրէն մատնանշած էր, թէ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն սկսեալ երկիրը (մեր պարագային` Հալէպը) լքողներուն մէջ նկատելի թիւ կազմեցին բժիշկները: Մինչդեռ պատերազմական երկրի մը մէջ (որ հայրենի՛ք է) ամէնէն կարեւոր դերակատարներու կարգին են բժիշկները` թէ՛ ռազմաճակատներու վրայ եւ թէ՛ որպէս անդադար ռմբակոծուող քաղաքներու բնակչութեան մարմնական ու հոգեկան վէրքերը ամոքողներ: Ու այսօր Հալէպի բնակիչը հիւանդանալու ալ իրաւունք չունի (շատ մը այլ բաներու կարգին), թէեւ բազմազան ձեւերով մեռնելու կատարեալ ազատութիւն ունի:

Այս անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, սակայն ինչո՞ւ ծանրանանք միայն բժիշկներու երդումին վրայ (մանաւանդ` արդէն ձեւական բնոյթ կրող աւանդութիւն դարձած) ու մոռնանք միւս մասնագէտները, ո՛չ պակաս կարեւոր երկրին ու մեր պարագային` ազգին համար:

Երդում տալը ու պահելը խիղճին հետ կապուած երեւոյթ է, ու մարդ պէտք չէ բժիշկ ըլլայ, իր պարտականութեան խորապէս գիտակցելու համար, թէկուզ հրապարակայնօրէն երդում տուած չըլլայ: Գոյութիւն չունի՞ ինքն իր հոգիին տուած երդում, այսինքն` սկզբունքային կեցուածք ըսուած բան մը: Կան ժամանակներ, երբ բառերը կը կորսնցնեն իրենց արժէքը, երբ խօսքերը կը մերկանան իրենց սնանկութեան մէջ ու կը խօսի միայն գործը:

Այս մտածումները կը ծնին, երբ կ՛անդրադառնանք, թէ դպրոցական նոր տարեշրջանի վերամուտը մեր դպրոցները կը դիմաւորեն կարեւոր նիւթերու ուսուցիչներու չգոյութեան, եւ որ ամէնէն ահազանգայինն է` հայերէնի ուսուցիչներու չգոյութեան տագնապով:

Հայերէնաւանդ ուսուցիչը եւս խոցելի մարդ է ու իրաւունք ունի իր ապահովութեան մասին մտածելու, մանաւանդ որ ոչ ոք կ՛երաշխաւորէ մեր կեանքին համար, եթէ «անոնք» մտնեն Հալէպ… ու սակայն մայր գաղութը, որ սնուցիչ էր ամբողջ սփիւռքին, ինք կը հայաթափի: Իսկ գաղութի մը ապրիլ-չապրիլը երկու երաշխիք չունի, այլ` միայն մէկ, այն է` հայերէնի կարկաչը նոր սերունդներու շուրթերէն:

Տարիներէ ի վեր Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը կը գոհացնէր գաղութին այդ կարիքը եւս: Իր գոյութեան գրեթէ երկու տասնամեակներու ընթացքին հիմնարկը տուած է բազմաթիւ արժանաւոր շրջանաւարտներ, որոնք լրացուցեր են շարքերը թէ՛ դպրոցներու եւ թէ՛ այլ հաստատութիւններու մէջ (եթէ եղած են նաեւ ոմանք, որոնք չեն արդարացուցած իրենց կապուած յոյսերը, այդ արդէն անձին գիտակցական մակարդակին ու ձգտումներու չափերուն արգասիքն է):

Արդ, հիմնարկը եւս կեցած է հայագիտական նիւթերու դասախօսներու նախկին բազմազանութիւնը պահելու դժուարութեան առջեւ: Այնուամենայնիւ ե՛ւ վարչութիւնը, ե՛ւ  մնացեալ դասախօսներն ու ուսանողները վճռական են դասաւանդութիւնները շարունակելու եւ ամէն գնով հիմնարկը ոտքի պահելու իր առաքելութեան մէջ (վաղուան նոր ու փայլուն վերելքի տեսիլքով):

Մարդը կը ծրագրէ, Աստուած կը տնօրինէ…

***

Սուրիոյ պատերազմը միջազգային լրատուամիջոցներու առաջին լուրերէն չէ այլեւս: Ի՞նչ պատահեցաւ. երկրագունդի վրայ հրդեհնե՞րը շատցան, ու հո՞ն դարձան դիտակները, թէ՞ տղաքը ձանձրացան մեզմէ: Համաձայնութիւննե՞ր կայացան, վերջացա՞ւ պատերազմը. մշուշ է: Հաւանաբար ներքին համաձայնութիւններ եղան, ու վերին ոլորտներու մէջ հարցը լուծուած է, առնելիքը առած, ծախելիքը ծախած են. իւրաքանչիւր ստորագրութեան տակ որքա՞ն արիւն` ի՜նչ տարբերութիւն… Ու սակայն մեզի համար ոչ միայն չէ վերջացած, այլ անորոշութեան քողով պատած է առաւել քան երբեք: Կը լսենք, թէ մեծ երկիրներ, զգուշանալով ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքներէն ու իրենց երկիրները անոնց ներթափանցումէն` որոշում տուած են իրենց որդեգիրները «մաքրել»: Պրն. Օպաման նոյնիսկ արդէն կը դաշնակցի (եղեր) Սուրիոյ նախագահին հետ, որուն դեռ երէկ ոխերիմ թշնամի էր: Հաւատա՞նք, որ գիշատիչը որսը ձգէ առանց համտեսելու: Բայց ռոմանթիք կարծիքներ կան, թէ ամերիկացի երկրորդ լրագրողին մորթուիլը ազդած է Օպամային ու իր մանկլաւիկներուն հոգեկանին, թէ` անոնք փախցուցեր են իրենց քունն ու հանգիստը, մանաւանդ որ տղան, անապատի աւազներուն վրայ, մատաղացու ոչխարի պէս, դանակը ձեռքին բռնած զինք մորթողին առջեւ ծունկի, իբրեւ վերջին խօսք` Օպամային դիմեց. «Ինչո՞ւ ես պիտի մորթուիմ քու սխալ քաղաքականութեանդ պատճառով»: Երեւակայեցէ՛ք, որ նման մեղադրանք ձեզի տրուի. ալ կրնա՞ք ապրիլ կամ սխալ քաղաքականութիւն վարել…

Թէ ի՛նչ բան է ճիշդ քաղաքականութիւնը, տակաւին տեղեակ չենք: Ամերիկացի լրագրողը կը կարծէր, թէ իր երկիրը ճի՞շդ քաղաքականութիւն կը վարէ: Խե՜ղճ տղայ, քիչ էր իր հիասթափութիւնը, մէկ ալ` մորթուիլ… Մենք կը կարծենք,  թէ ճիշդը բարին է, հետեւաբար կը կասկածինք, թէ օպամայականները վճռած են բարի ըլլալ: Բայց, ինչո՞ւ ոչ, ամէն ինչ հնարաւոր է, չարը կրնայ բարի հրեշտակ դառնալ… մանաւանդ` վիպապաշտական վէպերու եւ քաուպոյական ժապաւէններու մէջ…

Այնուամենայնիւ կը լսենք դարձեալ, թէ Սուրիոյ բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Նման «մաքրութիւն» շատոնց արդէն կենսական է, եւ` ո՛չ միայն Սուրիոյ համար: Սակայն հաւատա՞նք արդեօք, թէ մօտ է մեր սարսափներուն ու զրկանքներուն վերջը, մանաւանդ որ Օպաման Սէուտական Արաբիոյ մէջ նոր տեսակի զօրամասեր պատրաստելու ծրագիրներ կը գծէ, մինչ Ռուսիա մկան ցոյց կու տայ անոր, ու խօսք ալ կայ, թէ ռուսական բանակ կրնայ հիւրընկալուիլ Սուրիոյ ծովեզերքը… Ու այս ամէնը` մեր գլխուն վրայ…

Սուրիոյ ժողովուրդը դեռ շա՞տ պիտի նայի երկինքին: Ան այլեւս անցած է հոգեբանական բոլոր հնարաւոր փուլերէն` հաւատք, շփոթմունք, հիասթափութիւն, զայրոյթ, մեղադրանքներ, սպասում, այլեւս անտարբերութիւն ու հիմա այդ բոլորէն անդին վիճակի մէջ է, որ անուն չունի: Պարզապէս կը գործէ մէկ իմաստութիւն` «Եղունգ ունիս` գլուխդ քերէ»: Վա՜յ  կարճ եղունգ   ունեցողներուն:

***

Նպաստ սուրիացիներուն: Գիտենք, որ պատերազմ հրահրողները ուրիշ, իսկ նպաստ կամ «մարդասիրական օգնութիւն» ղրկող կազմակերպութիւնները ուրիշ են: Այնուամենայնիւ մտքիդ մէջ շփոթ կ՛ըլլայ` մարդը ինչո՞ւ այսչափ անկատար, անկազմակերպ  եւ ունայնամիտ է` մէկ կողմէն կրակ կը թափեն անմեղ մարդոց գլխուն, միւս կողմէն` մարդասիրական փշրանքներ կը ղրկեն…

Այս բարդ հանգոյցը լուծել կարելի չէ, սակայն կայ նաեւ անոնց ղրկածը բաժնելու մեծ հարցը: Որո՞նց կը տրուի նպաստ: Կ՛ըսուի` բոլոր անոնց, որոնք տուժած են ու կ՛արձանագրուին: Առաջին անկատարութիւնը. քանի որ ո՛չ բոլոր կարիքաւորները կ՛արձանագրուին, ու նաեւ` ո՛չ միայն կարիքաւորները… երկրորդ` Սուրիոյ մէջ կա՞յ մարդ, որ որեւէ ձեւով չէ տուժած: Այս հարցը, անշուշտ, ունի աւելի ճիշդ լուծում, եթէ ուզենք ու գործադրենք:

Սակայն հարցը այդ ալ չէ միայն: Գաղտնիք չէ, թէ շա՜տ շատեր ստացածը կը վաճառեն խանութներու` շատ չնչին գիներով: Պիտի ըսենք` թո՛ղ շահին (առաւելաբար խանութպանը): Ուրեմն ի՞նչ է պատկերը. բարեգործական կազմակերպութիւններ դուրսէն եկած դրամով կը գնեն սննդամթերքներ, որոնք նպաստընկալները կրկին կը ծախեն առաւել աժան գիներով: Ո՞վ կը վնասէ մէջտեղը…

Ա՛յս ալ վերջին սխալը չէ. Հալէպ ապրողներէն ո՞վ բազմիցս չէ տեսած փողոցները, մայթեզրերու յաւերժական աղբերուն մէջ թափուած ոսպի ու բրինձի կոյտեր: Հալէպցիներու նուրբ սիրտերուն մէջ յանկարծակի սէ՞ր ծնաւ անտէր թռչուններուն հանդէպ… Բայց աշխարհին մէջ այդ ոսպէն կամ բրինձէն ափ մը երազող միլիոնաւոր մարդիկ կան:

 

 

Նախորդը

Յուշատետր. Մտածումը Անտեսանելի Է

Յաջորդը

Ապահովութիւնը Դեռ Վերահաստատուած Չէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.