Այս գրութիւնը իբրեւ գլխաւոր բանախօսութիւն ներկայացուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Իշխան», «Սարդարապատ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն համագործակցութեամբ ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին երեկոյեան տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը սկսի Հայկ նահապետով, որ ազա՛տ ապրելու, ազա՛տ կամքի եւ քաջութեա՛ն պատմութիւն է: Հայկի պատմութիւնը սկիզբ է նաեւ անհաւասար, բայց յաղթական կռիւի:
Ուրեմն հայ ժողովուրդի ծնունդը այս աշխարհի վրայ կը յատկանշուի ազատութեամբ, քաջութեամբ եւ կռիւով. այս յատկանիշները ժառանգութիւն են մեր ազգին ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր ֆիզիքական յատկանիշները` մեր շագանակագոյն աչքերն ու արծուեքիթերը:
Աւելի քան 4500 տարի առաջ սկսած մեր ազգի պատմութիւնը այսպէս սկսաւ` նետ մը արձակուած թշնամիին կուրծքին, քաջ նահապետի մը կողմէ եւ ի խնդիր ազատութեան:
Եւ այդ արձակուած նետն ու արձակող նահապետը ուղղութիւն տուին մեր ազգային կեանքին, ստեղծեցին ազգային նկարագիր` քաջաբար կռուելու ի խնդիր ազատութեան:
Հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութեան բոլոր պայմաններուն մէջ շարունակեցին տիրական մնալ վերոյիշեալ յատկանիշները: Իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը եղաւ ազատութեան համար մղուած մարտերու ժամանակագրութիւն մը, որ Հայկ նահապետով սկսաւ եւ հասաւ մինչեւ մեր օրերը արցախեան պայքարով:
Հայոց պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը միշտ եղաւ անհաւասար պայքարի, ամէն անգամ մը վտանգուեցաւ իր ազատութիւնը: Կռուեցաւ քաջաբար եւ եթէ եղան ատեններ, որ կռիւը չկրցաւ յաղթանակով աւարտել, սակայն բոլոր պատերազմներէն յաղթական դուրս եկաւ, այլապէս չէր կրնար այսօր տակաւին գոյութիւն ունենալ իբրեւ ազգ: Ան կ՛ոչնչանար պատմութեան անցեալի էջերուն մէջ, ինչպէս շատ ազգեր ոչնչացան, կամ ալ, բախտաւոր պարագային, կը գոյատեւեն իբրեւ փոքր համայնք մը` առանց հայրենիքի եւ պետականութեան: Ասորիները ասոր լաւագոյն փաստն են:
Հայրենակիցնե՛ր, մեր ժողովուրդի գոյատեւումը փաստ է անոր ամուր յատկանիշներուն. փաստ է, որ այս ժողովուրդը կրցած է յաղթել եւ բոլոր դժուարութիւններէն ետք պահած է իր ազգային նկարագիրն ու արժանապատուութիւնը:
Հայաստանի սահմաններուն վրայ հսկայ կայսրութիւններ փոշիացան, մինչ հայութիւնը կ՛ապրի տակաւին:
Հայաստանը բաժնուեցաւ կայսրութիւններու միջեւ, մէյ մը եղաւ հռոմէական եւ բիւզանդական, մէյ մը` սելեւկեան, մէյ մը դարձաւ Թրքահայաստան, Ռուսահայաստան եւ Պարսկահայաստան: Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ եւ կորսնցուց իր ժողովուրդին կէսը, բայց չմեռաւ: Դեռ աւելի՛ն. Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք, 1918-ին, մոխիրներուն մէջէն հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ եւ դարեր ետք վերականգնեց իր անկախութիւնը հայրենիքի մէկ բաժինին վրայ, եւ ինչպէս Սասունցի Դաւիթ ձայնեց Մսրայ Մելիքին` «Դեռ կենդանի եմ»: Հայութիւնը համայն աշխարհին պարզեց իր ազատութեան եռագոյն դրօշակը եւ յայտարարեց իր յաւերժութեան մասին:
Այո՛, եթէ անկախութեան կերտիչ սերունդը չըլլար, մենք կրնայինք համայնք մը ըլլալ որեւէ երկրի մէջ` վերջնականապէս կորսնցնելով Հայկին նետը:
Իւրաքանչիւր հայ, որ ինքզինք հայ կը զգայ, ամէն առաւօտ Աստուծոյ փառք տալէն ետք փառք պէտք է տայ 1918-ի անկախութեան կերտիչներուն, որոնց շնորհիւ մեր պետականութիւնը վերականգնեցաւ եւ ազատեցանք վերջնականապէս ոչնչանալէ:
Փա՛ռք Արամ Մանուկեաններուն, որոնց շնորհիւ է, որ այսօր ունինք հայկական պետութիւն: Ուրեմն այսպէս, մայիսեան անկախութեամբ ծնունդ առած Հայաստանի պետութիւնը եղաւ հիմը Խորհրդային Հայաստանի: 70 տարիներ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ համայնավար լուծի տակ, որուն ընթացքին ճիշդ է որ երկիրը զարգացաւ իր կառոյցներով, շինարարութեամբ, արուեստով, սակայն առիթ չտրուեցաւ հայրենի ժողովուրդին ազատութեան մէջ ապրելու: Ճնշումի ենթարկուեցաւ որեւէ ազգային շարժում: Գնդակահարուեցան ազգային հպարտութիւն եղող դէմքեր` գրագէտներ, արուեստագէտներ եւ գործիչներ: Շատեր անվերադարձ աքսորուեցան Սիպերիա…
Հայրենի հայութիւնը անցաւ դժուար եւ տառապալից ճանապարհ: Համաշխարհային Բ. պատերազմին, այսպէս կոչուած «Հայրենական պատերազմին» տուաւ հարիւր հազարաւոր նահատակներ, գոյատեւեց սակայն, եւ երբ պայմանները առիթ ընծայեցին, ոտքի կանգնեցաւ ազգային արժանապատուութեամբ, ազատութեան պահանջով: Դարձեալ խնդիրը ազատութեան հարցն էր, ինչպէս միշտ. երբեք դիւրին չեղաւ Հայաստանի վերանկախացումը: Աւերիչ երկրաշարժը կոտրեց հայրենի հայութեան մէջքը, միաժամանակ դարձեալ գլուխ ցցեց եւ իր վայրենի կերպարը ցուցադրեց թուրքը` ազերիի դիմակին տակ:
Արցախի հայութեան արդար պահանջին դիմաց, ազերին պատասխանեց ջարդերով` խորհելով, որ անզէն ժողովուրդը ջարդելով արագօրէն յաղթանակներ պիտի արձանագրէ եւ ծունկի բերէ նոր ոտքի կանգնող Հայաստանը: Սակայն հայ ժողովուրդը դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ իբրեւ Սասունցի Դաւիթ, եւ ի պատիւ հայրենի ժողովուրդին Արցախը չմնաց առանձին եւ դաժան կռիւին մէջ հայութիւնը արձանագրեց իր նոր յաղթանակը` ստեղծելով «Արցախի անկախ հանրապետութիւն»-ը` բնականաբար իր կողքին ունենալով սփիւռքահայութիւնը, որ Եղեռնէն մազապուրծ ազատուելով օտար երկնքի տակ կազմակերպուած գաղութներու վերածուած էր:
Եկած էր ժամանակը վերականգնելու Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, եւ ի պատիւ հայրենի մեր ժողովուրդին` 21 սեպտեմբեր 1991-ին, վերանկախացաւ մեր երկիրը իբրեւ ազատ,անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Վերջ գտան ցուրտ ու մութ տարիները, մեղմացաւ երկրաշարժի աւերը եւ ժամանակին հետ խաղաղութիւն հաստատուեցաւ մեր երկրին մէջ:
Հայրենակիցնե՛ր, Հայաստանը անկախ է արդէն 23 տարիներէ ի վեր` իբրեւ նոր վահան հայ ժողովուրդի յաւերժութեան: Շնորհաւո՛ր մեր ժողովուրդին. մեր ժողովուրդը արժանի է աւելիին, եւ արդար է քանատահայ այն հայրենակիցը, որ Հայաստանի անկախութեան տօնին եռագոյն մեծ դրօշակ մը կը պարզէ քանատական փոքր դրօշակի կողքին եւ այս գծով հետաքրքրուող ոստիկանին կ՛ըսէ.
«Մենք շատ հին եւ շատ մեծ փորձութիւններէ անցած ժողովուրդ ենք. մեր անցեալին համեմատ մեր դրօշակը աւելի մեծ պէտք է ըլլայ, քան` փոքր անցեալ եւ նուազ փորձութիւններէ անցած ժողովուրդներուն, Դրօշակը, ինչպէս ձերը…»:
Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար տօնելու մեր երկրին վերանկախացման 23-րդ տարեդարձը: Մեր ժողովուրդը ունի պետականութիւն եւ իր արժանաւոր տեղը գրաւած է աշխարհի զանազան պետութիւններուն կողքին: Հայ ժողովուրդը այլեւս անտէր չէ, չէ ձգուած իր ճակատագիրին, այլ տէր է արդէն անկախ զոյգ հանրապետութիւններու` Հայաստանի եւ Արցախի:
Վերանկախացած մեր հայրենիքին համար 23 տարին փոքր ժամանակաշրջան է` սակայն խիստ կարեւոր հայկական հզօր պետութեան հիմերը դնելու համար: Դժբախտաբար մեր ժողովուրդը իր զոյգ հատուածներով չկրցաւ լաւագոյնս օգտագործել այս ժամանակաշրջանը` նորանկախ Հայաստանի հիմերը ամրացնելու եւ ապագայի տեսիլքը պայծառացնելու համար: Բոլորիս մտքերուն մէջ ծնունդ առին հարցումներ, որոնք մնացին անպատասխան:
1.- Ինչպէ՞ս եղաւ, ո՞վ արտօնեց, որ կողոպտուին Հայաստանի մեծ գործարաններն ու հաստատութիւնները, փոշիանան անոնք` վերածուելով լքուած կառոյցներու:
2.- Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հայրենի հայութիւնը վերածուեցաւ երկու դասակարգի` ծայրայեղ աղքատ եւ ծայրայեղ հարուստ: Ինչպէ՞ս կրցան մարդիկ հսկայ հարստութիւններու տէր դառնալ կարճ ժամանակի մէջ, ժողովուրդը սակայն խրեցաւ աղքատութեան մէջ: Հաւանաբար արագ հարստանալու մրցանիշ հաստատուած է Հայաստանի մէջ:
3.- Հայաստանը ժողովրդավարական պետութիւն ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ հայրենի ժողովուրդը միշտ դժգոհ է «իր ընտրած իշխանութիւններէն»…
4.- Փոխանակ սփիւռքէն հայ ընտանիքներ վերադառնան հայրենիք, տեղի կ՛ունենայ հակառակը` Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակուի…
5.- Ինչո՞ւ անկախութենէն 23 տարի ետք, չենք կրցած մեր հայրենիքին մէջ արդար, վստահութիւն ներշնչող իշխանութիւն հաստատել` առանց որուն անկարելի է հզօր Հայաստան ստեղծել:
Եւ տակաւին հարցումներ եւ մտահոգութիւններ, որոնք կը շարունակեն զբաղեցնել մեր մտքերը եւ կոտրել մեր սրտերը:
Կայ նաեւ միւս երեսը:
Մենք մեզի հարց պէտք է տանք.
Ի՞նչ է իւրաքանչիւրիս ներդրումը մեր երկրի հզօրացման գործին մէջ: Ունի՞նք ներդրում կամ մեր կարողութեան քանի՞ տոկոսը միայն կը ծառայեցնենք մեր հայրենիքին:
Հայրենիքի հզօրացումը բոլորիս պարտականութիւնն է եւ այդ մէկը սակարկութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ, պարզ այն համոզումով, որ մնայունը հայրենիքն է, մինչ իշխանութիւնները գնայուն են:
Դժբախտաբար մեր ժողովուրդին մէջ կը շարունակեն վնասակար կարգ մը երեւոյթներ եւ մտայնութիւններ գոյատեւել:
Չկրցանք մէկ ուղղագրութիւն որդեգրել մեր լեզուին համար:
Չկրցանք ձերբազատիլ «Մենք»ի եւ «Դուք»-ի հոգեբանութենէն եւ շարունակեցինք ըսել սփիւռքահայ, պարսկահայ, ռուսահայ, թրքահայ, ֆրանսահայ, փոխանակ պարզապէս ըսելու հայ:
Չկրցանք ստեղծել միատեսակ ազգային կրթութեան համակարգ ամբողջ աշխարհի հայկական վարժարաններուն համար, ուր ամէնէն վերը ըլլային Հայն ու Հայաստանը` առանց կուսակցական եւ դաւանական խտրականութեան:
Չկրցանք սփիւռքի հզօր ներուժը նպատակաուղղուած կերպով ծառայեցնել Հայաստանի հզօրացման:
Կարելի է շարունակել այս չկրցանքներու շարքը, սակայն Հայաստանի անկախութեան տօնը նաեւ ուրախութեան եւ հպարտութեան տօն է, որուն մէջ տիրական պէտք է ըլլան մեր ժողովուրդի իրագործումները:
Սիրելի՛ ժողովուրդ, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար մենք աւելի զգայական ժողովուրդ ենք եւ մեր մէջ զգացումը շատ անգամ կը գերիշխէ տրամաբանութեան: Մեր ակնոցները գունաւոր են ընդհանրապէս` կա՛մ ամէն բան սին եւ մութ տեսնելու, կա՛մ ամէն բան վարդագոյն: Մեզի ճերմակ ակնոցն է անհրաժեշտը` գերիշխող տրամաբանութեամբ:
Հայրենակիցնե՛ր,
Այսօր Հայաստանի անկախութեան տօնն է, ուրախութեան եւ հպարտութեան տօն: Այսօր մեր ժողովուրդը ունի երկու անկախ հանրապետութիւն: Զոյգ հանրապետութիւնները ունին մարտունակ բանակ, որ սահմաններուն վրայ արթուն կը հսկէ գիշեր թէ ցերեկ եւ մեր պետականութեան գոյատեւման գրաւականն է:
Այսօր հայութիւնը համաշխարհային ազգ է. իր հայրենիքէն դուրս հայութիւնը կազմակերպուած գաղութներ ունի աշխարհի չորս ծագերուն եւ անցնող հարիւրամեակին պայքարած է Հայ դատը հետապնդելու, հայութեան իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու եւ թիկունք կանգնելու մեր նորանկախ հանրապետութիւններուն:
Սիրելինե՛ր,
Երկար կարելի է խօսիլ սփիւռքի թերութիւններուն կամ հայրենի իշխանութիւններու բացթողումներուն մասին. այսօր սակայն մենք միասնաբար եւ բարձր տրամադրութիւններով տօնական մթնոլորտի մէջ կը տօնենք մեր երկրի անկախութեան տարեդարձը:
Եկէք եւ միասնաբար ուխտենք`
Ա.- Հայը եւ Հայաստանը ամէն բանէ վեր պիտի պահենք, անոնք մնայուն են եւ յաւերժ: Տէր պիտի մնանք մեր հայրենիքին, գրաւեալ Արեւմտահայաստանին եւ բոլոր միջոցներով պիտի վերատիրանաք մեր Կարսին, Վանին, Մուշին եւ Էրզրումին:
Բ.- Իւրաքանչիւրս պիտի մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ներդրումը ունենալ Հայաստանի հզօրացման մէջ:
Գ.- Բոլոր միջոցներով պիտի փորձենք ամուր պահել մեր ազգային նկարագիրը օտար ափերուն վրայ` տէր կանգնելով մեր լեզուին, մեր կրօնին ու մշակոյթին: Ո՛չ օտարամոլութեան եւ ձուլումին, այո՛ հայապահպանութեան եւ ազգային նկարագրի գոյատեւումին:
Դ.- Սփիւռքահայերս նման ենք այն ուռենի ծառին, որ իր բնական միջավայրէն (որ գետեզերքն է, ջուրին մօտ) արմատախիլ ըլլալով` այժմ տարուած է լերան մը լանջին (ուր չոր է եւ ջուրէ հեռու): Միայն մնայուն ջուրի ներկայութիւնը նոր միջավայրին մէջ կրնայ կենդանի պահել ուռենին:
Ուստի, սփիւռքահայերս միայն հայրենիքին հետ մեր կապերը ամրապնդելով, առօրեայ դարձնելով` կրնանք գոյատեւել: Հետեւաբար բոլորս կոչուած ենք հայրենիքին հետ ապրելու ամէն օր:
Ե.- Հայութեան բոլոր յաղթանակները կերտուած են միայն այն ատեն, երբ միասնականութիւնը տիրական եղած է մեր ժողովուրդին մէջ: Այդպէս էր Սարդարապատի ատեն, այդպէս էր Արցախի պայքարի ատեն: Իրաւացի է հայ մեծ բանաստեղծը, երբ կ՛ըսէ. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Ուրեմն միշտ ո՛չ պիտի ըսենք հատուածականութեան եւ այո՛ միասնութեան: Պէտք է քանդենք մեզ իրարմէ անջատող բոլոր պատնէշները:
Զ.- Պատմութեան մէջ հաստատուած իրողութիւն է, որ ազգերը չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան: Այլ խօսքով, թոյլ, անկազմակերպ, վախկոտ եւ տեսիլք չունեցող ազգերը կոչուած են ոչնչանալու:
Հայութիւնը փաստած է, որ ինք ուրիշ նկարագրի տէր ժողովուրդ է եւ որեւէ ուժ չի կրնար իր ընթացքը կասեցնել:
Ուրեմն`
Կեցցէ՛ Հայաստանի անկախութիւնը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ
19 սեպտեմբեր, 2014


