Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութենէ… Անկախութիւն

September 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

80047628Մայիս 28, 1918:

Մեր անզուգական հերոսներու արիւնով կերտուած անկախութիւն:

Սեպտեմբեր 21, 1991:

Անսպասելի, միեւնոյն ժամանակ ցնծալի անակնկալ:

Խորհրդային Միութիւնը քայքայուած է, եւ` իր լուծին տակ գտնուող երկիրներուն անկախութիւն շնորհուած:

Օտար հեռատեսիլի կայաններէն այբուբենի շարքով կը յայտարարեն անկախացած երկիրներուն անունները: Արմինիա. Հայաստան, առաջին յայտարարուած անունն է:

Ամէն անգամ որ օտար հեռատեսիլի կայաններէն «Արմինիա» անունը լսենք, գէշ նախազգացումով աչքերնիս պաստառին` կը սպասենք: Ի՞նչ վատ լուր ունին յայտարարելիք: Երկրաշա՞րժ, կամ նման աղէ՞տ մը: Ո՜վ հրաշք, առաջին անգամ ըլլալով ուրախ լուր մըն է, որ թերահաւատ ականջիս կը հասնի: Հայու ականջները վարժուած են միայն տխուր լուրերու. հայու աչքերը վարժուած են միայն սրտաճմլիկ տեսարաններու: Այս անգամ` բացառաբար ուրախ լուր մը. այդ ալ` ի՜նչ լուր: Հայաստան անկախացած է. այդպէս, դիւրութեամբ, առանց հայու կաթիլ մը արիւն իսկ հոսելու: Հաւատա՞նք: Սխալ չըլլայ, չյուսախաբուինք: Անգամուան մը համար երազ չէ, իրականութիւն է:

Թերահաւատներ կարծիքներ կը յայտնեն,- «Ո՛վ գիտէ` ի՜նչ խորամանկութիւն է, նայինք` ի՜նչ խաղ կայ ասոր տակը»:

Ո՛չ խորամանկութիւն է, ո՛չ ալ` յետին նպատակներ հետապնդելու նախապատրաստական փորձեր: Անկախացանք եւ վե՛րջ:

Եռագոյն դրօշը, որուն միակ հաւատարիմ մնացող կուսակցութիւնը եղաւ ՀՅ  Դաշնակցութիւնը, տէր կանգնեցաւ 70 տարի, ու այժմ փոխանցեց  համայն հայութեան ու դարձաւ նորանկախ Հայաստանի պետական դրօշակը: Բառերու պզտիկ փոփոխութեամբ, «Մեր հայրենիք»-ը  դարձաւ Հայաստանի օրինաւոր քայլերգը: «Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր»-ը փոխարինուեցաւ «Մեր հայրենիք, ազատ, անկախ»-ով: Այո՛, մեր հայրենիքը թշուառ ու անտէր չէ: Ունինք մեր խորհրդարանը, մեր բանակը, մեր նախագահը:

Նորանկախ երկիր մը կը նմանի մանուկի մը,  որ նախ` սողալով կը փորձէ քալել, վարանոտ քանի մը քայլ, ու ապա, ընդհանրապէս երկու ձեռքերը վեր, կ՛ուղղուի սենեակին մէկ ծայրէն միւսը, ծնողքը ետին` պատրաստ, իյնալու պարագային բռնելու, սակայն նորանկախ Հայաստան չնմանեցաւ վարանոտ մանուկին, առաջին իսկ օրէն քալեց հաստատ, առանց մէկու մը օգնութեան: Նորանկախ մեր հայրենիքը մէկդի նետեց խորհրդային սովորութիւններն ու բարքերը: Մէկդի նետուեցաւ խորհրդային ռուբլին եւ փոխարէնը ունեցանք մեր նոր դրամանիշը` «Դրամ»-ը, որուն վրայ մեսրոպեան տառերը կ՛արտացոլան: Քառասմբակ արշաւ` դէպի յառաջդիմութիւն, զբօսաշրջիկներու հսկայ բանակ մը կ՛այցելէ մեր նորանկախ Հայաստանը, կը վերադառնան իրենց տուները յաջորդող տարիներուն դարձեալ այցելելու մտադրութեամբ: Ճոխութիւն, պերճանք, ուրախութիւն: Երեւան քաղաքը օրական 24 ժամ արթուն է: Փողոցները` խճողուած: Խորհրդային լուծին տակ գտնուած միջոցին այցելող մարդոց վկայութեամբ, ներկայ վիճակին հետ «Կարելի չէ բաղդատել»: Հիանալի՛ է, պանծալի՛ է, ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ` «Հայկական է, պատուական է»,

սակայն արտաքին տեսքէն պէտք չէ դատենք միայն, եւ իրապաշտօրէն մօտենանք եւ տեսնենք պարզ ժողովուրդին կենցաղը:

Շատ չանցած, հայութեան նայուածքը կ՛ուղղուի դէպի Ղարաբաղի լեռներն ու դաշտերը: Ղարաբաղը մերը եղած է դարերէ ի վեր, սակայն խորհրդային լուծի ժամանակ, Ստալինի կողմէ  անիրաւօրէն «նուէր» տրուած է Ազրպէյճանի: Ի՜նչ հեգնանք: Հայրենիք մը նուէր կը տրուի՞ դրացի ժողովուրդի մը: Հանդուրժե՞լ: Անշո՛ւշտ ոչ: Հիմա, որ ունինք մեր հայկական բանակը, Ղարաբաղի մեր անզուգական քաջարի ազատամարտիկները, Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ազատատենչ  հայերու խմբակ մը, բոլորը միասին կը պայքարին եւ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» նշանաբանով կ՛ազատագրեն Շուշին, Ստեփանակերտն ու Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ տարածքը: Վերանկախացած է նաեւ Արցախ: Նոր Սարդարապատ մը, երկրորդ մայիս 28:

Արցախի անկախութիւնը կերտուեցաւ շնորհիւ անձնուէր մարտիկներ Թաթուլ Կրպէեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի նման նահատակ հերոսներու,  հայկական բանակին, Ղարաբաղի առիւծասիրտ հերոսներու, Լիբանանէն ու Սուրիայէն ազատատենչ հայորդիներու: Ղարաբաղցին կառչած մնացած է ու կը մնայ իր մայրենի հողին: :

Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակը ստիպեց, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր լքեն Լիբանանը, Սուրիան, Իրանն ու Իրաքը` հաստատուելու մեծ մասամբ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ: Ուրախ են, որ «մորթերնին ազատեցին», հեռացած են ռումբերու ձայներէն, գտած են «հանգիստ» կեանք, կը «վայելեն» արեւմտեան երկիրներու «բարիքները», սակայն ինքնաբերաբար զոհը կը դառնան «Ճերմակ ջարդ»-ին: Մեր մշակոյթն ու լեզուն կը վտանգուի:

Հայաստանի անկախացումէն քանի մը տարի ետք ծայր տուաւ Հայաստանէն արտագաղթը: Նորանկախ հայրենիքը օրէ օր կը պարպուի իր իսկ ժողովուրդէն: «Խորհրդային ժամանակ աւելի հանգիստ էինք»:Նոյն յանկերգն է, որ կը լսենք ամէն օր: Ամերիկա գաղթած մեծ թիւով հայեր քանի մը տարիէն արդէն մոռցած են հայրենիքը, եւ մոռնալու ճամբուն են մեր մայրենին, մեր հայկական սովորութիւններն ու մեր մշակոյթը:

Հայրենիք մնացողներէն որոշ դասակարգ մը օգտուելով առիթէն օրէ օր կը հարստանայ, մինչ չքաւորութիւնը քառասմբակ կ՛արշաւէ նիւթապէս աւելի համեստ խաւին մէջ:

«Ես ինչպէս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան
Որբի բերանէն պատառը հացի»: (Մ. Իշխան)

Ո՞վ է մեղաւորը: Անո՞նք, թէ՞ մենք:

Ո՞վ են «անոնք» եւ ո՞վ ենք «մենք»:

Անոնք… պէտք  կա՞յ յայտարարելու, թէ ովքե՛ր են «անոնք», իսկ «մենք»` պարզ ժողովուրդը, տուժող ժողովուրդը: Փոխանակ հպարտ զգալու մեր անկախ Հայաստանով, կը լքենք մայր հայրենիքը ու կը վազենք դէպի «փառք», որ իրականութեան մէջ «կորուստ» կը կոչուի:

Ո՞վ աւելի երջանիկ է, մայր հողի վրայ մնացող հա՞յը (թէկուզ չքաւոր), թէ՞ օտար ափերու վրայ «հանգիստ» կեանք ունեցողը:

«Մի փոքրիկ հող առուի ափին, թագաւորի թախտ է ինծի,
Մի կտոր հաց թոնրի շրջին, իշխանական ճաշ է ինծի» (Ռոզի Արմէն):

Միջին Արեւելքի դէպքերէն ամենատուժողը եղանք մենք` հայերս: Գաղութներ վտանգուեցան: Տեղացի ժողովուրդները նիւթական կորուստ ունեցան, նաեւ անշուշտ` մարդկային զոհեր, սակայն ուշ կամ կանուխ, երբ կացութիւնը բարելաւուի, դարձեալ հոն են, իրենց երկրին մէջ, սակայն մենք` հայերս, ակամայ գաղթելով մեր հիւրընկալ երկիրներէն, հաստատուելով արեւմտեան երկիրներ, կ՛ենթարկուինք ձուլումի վտանգին` կորսնցնելով մեր մշակոյթն ու «Մեր մեծասքանչ հայ լեզուն»:

Ինչպէ՞ս կարելի է այս գաղութները կորուստէ փրկել:

Դէպի՛ մայր հայրենիք ու Արցախ:

Սեպտեմբեր 21, 1991 թուականը թող մնայ մեր յաւերժական անկախութեան թուականը: Տէր կանգնինք մեր անկախութեան: Քանի մը ամիս մնաց յիշատակելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, յիշենք  միասնաբար եւ ուշ կամ կանուխ պիտի տիրանանք մեր հողերուն եւ բոլորս միասին պիտի տօնենք Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանի անկախութիւնը մեր Մասիս լերան լանջին:

Պահենք մեր անկախութիւնը, չվերադառնանք մեր քայլերգի նախկին տարբերակին` «Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր»:

«Մեր հայրենիք, ազատ, անկախ,
Որ ապրել ես դարէ դար»
Ու պիտի ապրի՛ս  դարէ դար:

 

Լոս Անճելըս 2014

 

 

Նախորդը

Հայրենիքին Հետ, Հայրենիքէն Դուրս

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դիմագրաւած Ընկերային Մարտահրաւէրները Եւ Բռնութեան Երեւոյթները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.