Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Հաստատութենականութիւն

September 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

KH_armenia_independence1Հաստատութենականութիւնը իր քաղաքական պարունակին մէջ կը նշանակէ յառաջացնել եւ կազմակերպել հանրային կառոյցներ կամ մասնաւոր մարմիններ, որոնք պատասխանատու են ճշդուած քաղաքականութեան մը (որ, օրինակի համար, բարեկեցութիւն եւ զարգացում կը նպատակադրէ) հսկելու եւ զայն գործադրելու:  Հաստատութենականութիւնը Հայաստանի նման երիտասարդ պետութիւններու` պետականաշինութեան, արդիականացման ու զարգացման կարեւորագոյն գործընթացներէն մէկն է, որ կ՛առաջադրէ բարելաւուած կառոյցներով եւ իրաւական ու արդար հիմքերով օժտուած հանրային ծառայութիւն: Հաստատութենականացուած պետութիւնը իր քաղաքացիներուն կ՛ապահովէ բարեկեցիկ ու քաղաքակիրթ կենցաղ:

23 տարուան Հայաստանի պետականաշինութեան ընթացքը բնականաբար դիւրին չէր: Պետութեան շրջափակուած սահմանները, արցախեան պատերազմը, բնական աղէտը, սահմանափակ կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական անցուդարձերը աւելի՛ դժուարացուցին պետականաշինութեան գործընթացը: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան հանրային ու պետական ոլորտներուն մէջ փտածութեան, կաշառակերութեան, սովորամոլութեան ու դիւանակալութեան յոռի երեւոյթները, որոնք մինչ օրս կը խոչընդոտեն Հայաստանի առողջ ու արագընթաց պետականաշինութիւնը:

Հայաստանը 2013 թուականին պետական կառավարման ցուցանիշերուն եւ թափանցիկութեան ու փտածութեան միջազգային աղիւսակներուն մէջ բաւականին վատ տեղ կը գրաւէր: «Թրանսփարընսի ինթըրնեշընըլ քորրափշըն»-ի համաձայն, հարիւրի վրայ Հայաստանը միայն 36 կէտ ապահոված էր, իսկ «Ուորլտ կավըռնընս ինտիքէյթըր»-ի համաձայն` 37 կէտ: Ըստ «Միջազգային թափանցիկութիւն» («Ինթըրնեշընըլ թրանսփարընսի») կազմակերպութեան, Հայաստանի մէջ փտածութիւնը համատարած երեւոյթ է, որ ներթափանցած է ընկերութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Կառավարական մարմիններուն, դատական իշխանութեան, ոստիկանութեան, մաքսային ու հարկային մարմիններուն, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ փտածութեան խոցելի երեւոյթներ կ՛արձանագրուին:

Այս ծիրին մէջ, վերոնշեալ յոռի երեւոյթներուն դէմ պայքարելու համար, վերջին տասնամեակին որոշակի քայլեր առնուեցան: 2003 թուականին Հայաստան Եւրոպական խորհուրդի Փտածութեան դէմ պայքարի համախմբումին անդամակցեցաւ, 2008-ին հակափտածութեան ռազմավարութիւն որդեգրեց, իսկ 2012-ին յատկապէս դատական մարմինին համար կեանքի կոչեց 2012-2016 տարիներու փտածութեան դէմ պայքարի նոր ծրագիր մը: Ասոնց կողքին, 2012-էն ի վեր կը գործէ «Բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու էթիկայի յանձնաժողով»-ը, որ կը նպատակադրէ Հայաստանի մէջ գործող հանրային հաստատութիւններուն նկատմամբ հասարակութեան վստահութիւնը ամրագրել, արդար կառավարման համակարգ ապահովել, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործունէութիւնը հասարակութեան համար աւելի թափանցիկ ու հրապարակային դարձնել: Այստեղ նշելի է, որ վերջին քանի մը տարիներուն յաճախակի դարձած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հարցաքննութիւնը, պաշտօնէ ազատ արձակելը, կամ նոյնիսկ ձերբակալութիւնն ու դատավարութիւնը:

Այնուամենայնիւ, մինչեւ այսօր առնուած այս քայլերուն անբաւարարութեան նպաստող բազմաթիւ ազդակներ ու պատճառներ կան: Սակաւապետներու (օլիկարխ) ազդեցիկ ներկայութիւնը, սեփական ձեռնարկութիւններու եւ պետական պաշտօնեաններու տարանջատման  բացակայութիւնը, անպատժելիութեան եւ սանձարձակութեան դէպքերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու տնտեսական վերնախաւին նոյնանման օղակի մէջ գործելու իրականութիւնը փտածութեան դէմ պայքարը համեմատաբար քիչ ազդու կը դարձնեն:

Այստեղ մեծ է դերակատարութիւնը ժողովրդային հատուածներուն եւ յատկապէ՛ս նոր սերունդին ու երիտասարդութեան, որոնց ժամանակակից կառավարման միջոցներով ու հմտութիւններով օժտելու, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հաւատք ու զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ փտածութեան ախտը մէկ անգամ ընդմիշտ յաղթահարելու քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագաներուն, կարելի պիտի ըլլայ պետականաշինութեան հիմնական արգելքներէն մէկը վերացնել:

23 տարիէ ի վեր հայութեան ապահոված  անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրագրելու համար, փոխանակ կաշառակերութիւնը, սովորամոլութիւնն ու դիւանակալութիւնը հաստատութենականացնելու, ժամանակը հասած է երկրի հանրային պետական համակարգը իրաւական, օրինական, արդիական ու արդար արժեչափերու վրայ հաստատութենականացնելու:

 

 

 

Նախորդը

Թրիաթլոն. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Արձանագրեցին Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Յաջորդը

Հայրենիքին Հետ, Հայրենիքէն Դուրս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.