
Կազմակերպութեամբ Պաթրունի մարզական յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Պաթրուն – Թրիաթլոն 2014-ի միջազգային մրցումը` մասնակցութեամբ 150 երկսեռ մարզիկներու (տեղացի եւ օտար):
Մրցումի սկզբնաւորութեան ներկայ եղան Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին անդամները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Նշենք, որ Թրիաթլոնի (վազք, լողարշաւ եւ հեծելարշաւ) այս մրցումին սկիզբի ազդանշանը տրուեցաւ Սան Սթեֆանոյի համալիրէն:
Սփրինթի մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող 17 տարեկան Մոհամետ Պաղտատի 70 մասնակցողներու մէջ հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով 1 ժամ 20′ արդիւնք մը, մինչ իր դասակարգին մէջ (16-29 տարեկան) գրաւեց առաջին դիրքը:

Հեծելարշաւի մրցումներուն, 30-40 տարեկան դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սալահ Ռապպահ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Իսկ խմբային մրցումներուն, Հայկ Մելիքեանի խումբը` ՀՄԸՄ Պէյրութ, հանդիսացաւ առաջին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարքի:


