Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

85-Ամեակին Ընդառաջ. Յառաջիկայ Շաբաթ Դպրեվանքը Իր Դռները Կը Վերաբանայ

September 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4420-2-(1)Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը յառաջիկայ շաբաթ կը բանայ իր դռները: Գլխաւորաբար Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ընտրուած ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Մալեզիայէն նախկին թէ նորեկ աշակերտներ կը ժամանեն դպրեվանք` լիցքաւորուելու համար հոգեւոր արժէքներով եւ իրենց միտքը ծաղկազարդելու գիտութեամբ եւ ուսմամբ:

Դպրեվանքի 85-ամեակին ծիրին մէջ,  Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ելոյթներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 85-ամեակին ընդառաջ, իր տուած քարոզներով, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած զանազան հաւաքներու ընթացքին իր արտասանած խօսքերուն ճամբով, տեսուչ հայր սուրբը խօսեցաւ դպրեվանքի հայակերտումի եւ հոգեկերտումի առաքելութեան մասին:

Ան վեր առնելով սոյն հոգեւոր կրթական հաստատութեան աւելի քան ութ տասնամեակներու ընթացքին ծաւալած գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, շեշտեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները բաւարարելու ատակ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Անթիլիասի դպրեվանքի հիմնադիրներու հեռատես այն քաղաքականութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ հայ ժողովուրդի ամայացած հոգեւոր անդաստանը դարձեալ վերածաղկեցնել Հայոց ցեղասպանութենէն ետք բացուած ժամանակահատուածին մէջ` նուիրեալ մշակներ պատրաստելով եւ նուիրաբերելով զանոնք սփիւռքացած հայութեան պահպանութեան այնքան կարեւոր զանազան աշխատանքներուն, աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան Թեհրանի մէջ իր կեցութեան օրերուն հանդիպում ունեցաւ թեհրանահայ ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, եւ իր հաւաքական զրոյցներուն ճամբով հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի ուսումնապէս փայլուն աշակերտները քաջալերեն արձանագրուելու դպրեվանք, ուր հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալէ ետք անոնք դարձեալ պիտի վերադառնան ազգին` ծառայական բարձր կոչումով ու գիտակից յանձնառութեամբ:

Յայտնենք, որ դպրեվանքին տեսչութեան մաս կը կազմեն Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան (տեսուչ), Շնորհք աբղյ. Աշըգեան (հսկիչ) եւ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան (հսկիչ):

 

Նախորդը

Դուք Նորութիւնը Չէք Սիրեր…

Յաջորդը

Հայ Տպագիր Մամուլը` Ազգապահպան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.