Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 2014-2015 տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Ափոյել Նիկոսիան, այսպիսով արձանագրելով իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` նոր սկսած տարեշրջանի մը գծով:
Արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պարսելոնա իր ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ խումբը երբեք նոր տարեշրջանի մը չէր սկսած յաջորդական չորս յաղթանակով:
Ափոյել Նիկոսիան պարտութեան մատնելէ առաջ Պարսա յաղթած էր Էլչէի (3-0), Վիարէալի (1-0) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի (2-0), կը յայտնէ ArmSport.am:


