Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս. Հակառակ Անապահով Վիճակին` Վերամուտ Է Դամասկոսի Մէջ

September 19, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

miatsyal1Երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերը վերամուտն էր Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանին համար, որ իր դռները բացաւ դամասկահայ աշակերտներուն իր երեք բաժիններով` մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ, որ 2013 տարեշրջանին իր առաջին հունձքը ունեցաւ ապահովելով փայլուն արդիւնքներ:

Վարժարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ 227 աշակերտ, որոնցմէ 128-ն հայեր են, եւ կը պաշտօնավարեն 39 պաշտօնեաներ, որոնցմէ 19-ն հայ պաշտօնեայ-ուսուցիչներ են:

Վարժարանը երկու տարիէ ի վեր կը գործէ իր նախկին շէնքին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնի Սալհիէ թաղամասը: Յայտնենք, որ վարժարանը իր նորակառոյց շէնքով կը գործէր Դամասկոսի արուարձան Մլեհայի մէջ, սակայն վերջին երկու տարիներուն ընթացքին շրջանը մարտերու բեմ դառնալէ ետք անիկա վերադարձաւ նախկին շէնք:

Նշենք նաեւ, որ Դամասկոսի մէջ կը գործեն նաեւ Հայ կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանը եւ «Լոյս» ճեմարանը, Ազգային «Սահակեան Կիւլլապի Կիւլպենկեան» միջնակարգ դպրոցը եւ Ազգային Թարգմանչաց Ճեմարանը, որոնք նոյնպէս իրենց դռները բացին հայ եւ արաբ աշակերտներուն դիմաց:

Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, Սուրիոյ մէջ մօտ 4.5 միլիոն աշակերտ դպրոց պիտի յաճախեն այս տարեշրջանին:

Պէտք է նշել, որ վերջին օրերուն, իրականացնելով զինեալ խմբաւորումներու սպառնալիքները, Դամասկոսի կեդրոնի թաղամասերը, ինչպէս` Սալհիէ, Ապու Ռումմանէ, Քուսուր եւ այլն կ՛ենթարկուին հրասանդներու եւ հրթիռներու տարափի, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց շարքին հայ վիրաւորներ չկան, սակայն նիւթական վնասներ կրեցին դամասկահայերու կարգ մը բնակարանները:

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր» Միջազգային Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Ենթայանձնախումբը Խոչընդոտներու Հանդիպելէ Ետք Դադրեցուցած Է Ազրպէյճան Այցելութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.