Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանատուն

September 18, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0917_ARF-DelegationՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրին այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրայի հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանէն խնդրեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով իր շնորհակալութիւնը փոխանցել յունական իշխանութեանց, խորհրդարանին եւ յոյն ժողովուրդին:

Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանին խորհրդականը, առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ-յունական, հայ-թրքական եւ յոյն-թրքական յարաբերութիւններուն:

Դեսպանը իր երկրին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրինագիծին անդրադառնալով յայտնեց, որ նշեալ օրէնքը միայն ցեղասպանութիւններու ժխտումին չի վերաբերիր, այլ նաեւ այլատեացութեան, ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան` աւելցնելով, որ նշեալ օրէնքը  ցեղասպանութիւններու ծալքերուն գիտական նպատակներով ակադեմական շրջանակներու կողմէ քննարկումը չ՛արգիլեր, այլ միայն դեսպանին բառերով` «չարամիտ նպատակներու» դրսեւորումը:

Ան նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութեան յայտնեց, որ Յունաստանի մէջ օրէնքներու որդեգրման հոլովոյթը տարբեր է Ֆրանսայի մէջ կիրարկուած հոլովոյթէն եւ յունական խորհրդարանը լիազօրութիւնը ունի որդեգրելու օրէնքներ, որոնք պետութեան պաշտօնական թերթին մէջ լոյս տեսնելէ անմիջապէս ետք ուժի մէջ կը մտնեն, ուստի Սահմանադրական դատարանի վճիռով օրէնքի մերժման ֆրանսական նախադէպի կրկնութիւնը բացառուած է:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Յունաստանի դեսպանին նուիրեց Հայ դատին եւ հայ մշակոյթին վերաբերող հրատարակութիւններ:

Շուրջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտեցաւ ապագայ գործակցութեան փոխադարձ պատրաստակամութեան արտայայտութեամբ:

 

 

Նախորդը

10 Հոկտեմբերին Ոչ Իշխանական Ուժերու Հանրահաւաք. ՀՅԴ-ն Պիտի Չմասնակցի Լուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.