Լիբանանի տարածքին ընթացող Թռչուններու փառատօնի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը դիմաւորուեցան Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ: Դիմաւորումի արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը:
Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին Սպանիոյ հիւպատոսը, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները, դրացի Քֆարզապատ գիւղի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ գործող բնապահպանութեան միութիւններու ներկայացուցիչներ, «Էս. Փի. Էն. Էլ.» ընկերակցութեան պատասխանատուները եւ Այնճարի քաղաքապետութեան բնապահպանութեան յանձնախումբը, որ կազմակերպիչն էր այս հանդիսութեան:
Քաղաքապետութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժանօ Փամպուքեան, ապա յանձնախումբին տարած աշխատանքին մասին խօսեցան Լենա Սթամպուլեան (արաբերէնով) եւ Մանուշակ Շաննաքեան (հայերէնով): Խօսք առաւ նաեւ «Էս. Փի. Էն. Էլ.» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տալիա Ժաուհարի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ:
Բոլոր խօսք առնողները անդրադարձան թռչուններու տարբեր տեսակներու պահպանութեան կարեւորութեան, յատկապէս անոնք, որոնք շատ նօսրացած եւ թիւով մնայուն նուազումի մէջ են` որսորդութեան պատճառով: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Այնճարի աշխարհագրական դիրքի կարեւորութեան, որ գաղթող թռչուններու գլխաւոր հանգրուաններէն կը նկատուի:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Ձեռնարկի աւարտէն ետք ամբողջ օրուան ընթացքին Այնճարի մէջ կազմակերպուեցան տարբեր բնոյթի զբաղումներ, ինչպէս` հեծելարշաւ, քայլարշաւ, այցելութիւն պատմական բերդ եւ Այնճարի բնական արգելանոց:


