Ըստ Tribalfootball.com կայքին, ճափոնցի միջնապահ Շինճի Քակաուա խոստովանեցաւ, որ գոհ է Մանչեսթըր Եունայթըտէն Պորուսիա Տորթմունտ վերադառնալով:
Ան ըսաւ, թէ անգլիական «Փրիմիեր Լիկ»-ին մէջ խաղալը իր երազն էր, ան կը ցանկար հոն յաջողութիւն ձեռք ձգել եւ կրցաւ իրականացնել այդ մէկը: Սակայն ան շատ ուրախ է իր Տորթմունտ վերադարձով, որովհետեւ իրեն համար Տորթմունտ հիանալի խումբ եւ համակիրներ ունի:
Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Պորուսիայի մէջ ըլլալը համահաւասար է ընտանիքի մէջ ըլլալու»:


