Ռէալ Մատրիտի սպանացի խումբ մը համակիրներ պահանջած են ակումբի նախագահ սպանացի Ֆլորենթինօ Փերեսի հեռացումը:
Ինչպէս կը յայտնէ սպանական «ԱՍ» օրաթերթը, համակիրները այս կոչը սկսած են տարածել, երբ Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի խաղին` իր սեփական դաշտին վրայ 1-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքօ Մատրիտէն:
Նշուած է նաեւ, որ խաղի աւարտին նոյնիսկ դաշտին մէջ մեծ խումբով համակիրներ անարգական բառեր եւ կանչեր արտասանած են Փերեսին ուղղուած:
Յիշեցնենք, որ Ֆլորենթինօ Փերես Ռէալի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց 2009 թուականին:


