Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպում Ունեցաւ Քոնկրեսի Մեծամասնական Պլոքի Ղեկավար Քեվըն Մքարթիի Հետ

September 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0914_gatoghigosՈւրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը` Արամ Համբարեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ վեհափառ հայրապետին ժողովական բազմազբաղ վիճակին, կ’այցելէ Հայ դատի աշխատանքները կազմակերպող ու հետապնդող Ուաշինկթընի կեդրոնը: Համբարեան մասնակցած ըլլալով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած Ուաշինկթընի միջազգային համագումարին, իր հրճուանքը արտայայտեց վեհափառ հայրապետին կատարած կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ յաճախակի առիթներով Հայոց ցեղասպանութեան գծով կատարուած յիշեցումներուն համար: Ան նաեւ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետը նախ իր յատուկ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իրեն համար միշտ սիրելի եղած Հայ դատի աշխատանքներուն կեդրոնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսական մարզերէն մէկն է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը, հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Ապա, ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ցարդ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն համար, շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները փոխադրուին իրաւական դաշտ: Հեզասահ պիտի չընթանայ այս հոլովոյթը, սակայն մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք նման քայլի մը դիմելու, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի համագումարի աշխատանքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ տեղի ունեցած հանդիպումին` պատասխանելով իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն, կեդրոնի աշխատակազմին եւ ներկայ հիւրերուն կողմէ:

 

 

 

Նախորդը

Առեւանգուած Զինուորները Ազատ Արձակելու Նպատակով Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Քաթար

Յաջորդը

Պասքերու Խորհրդարանը Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.