
Հոլանտական «Տէ Թելեկրաաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հոլանտական ԱԶ Ալքմար ակումբի գլխաւոր մարզիչ, հոլանտացի վեթերան եւ Եւրոպայի նախկին ախոյեան Վան Պասթըն առողջական յատուկ խնդիրներու պատճառով լքած է իր մարզիչի պաշտօնը:
Վերջին շրջանին, առողջական հարցերու պատճառով իր պարտականութիւնները չէր կատարեր խումբին հետ եւ Ալեքս Փասթորը միակ թեկնածուն է զինք փոխարինելու: Սակայն մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ան մնայ եւ դառնայ ակումբին խորհրդականը:
Յիշեցնենք, որ 49-ամեայ Վան Պասթըն մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց մայիս 2014-ին:


