Պատրաստուելու համար Լիբանանի Ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը վերջին շաբաթներուն ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կը կատարէ ընդհանրապէս Բ. դասակարգի խումբերուն դէմ, որոնք ախոյեանութեան ընթացքին պիտի ըլլան իր մրցակիցները:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ ՀՄԸՄ 5-1 ջախջախիչ արդիւնքով մը պարտութեան մատնեց Բ. դասակարգին մաս կազմող Սաժեսը, եւ այս յաղթանակէն ոգեւորուած ՀՄԸՄ-ի տղաքը այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, բարեկամական մրցում մը պիտի կատարեն առաջին դասակարգին մաս կազմող Ռասինկ Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի բոլոր համակիրներէն կ՛ակնկալուի եւ կը խնդրուի ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ ու քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը` այս նախապատրաստական կարեւոր մրցումին:
Միւս կողմէ, Լիբանանի Ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 13 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու Ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ:


