Սպանիոյ մայրաքաղաքի ակումբի` Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես բացայայտեց, թէ ինչո՛ւ արժանթինցի կիսապաշտպան Անխել Տի Մարիա ուզեց հեռանալ ակումբէն:
Ան շեշտեց, թէ միակ պատճառը այն էր, որ Տի Մարիա Ռոնալտոյի համահաւասար աշխատավարձ պահանջեց, եւ ակումբը պատրաստ չէր այդ պահանջը կատարելու:
Փերես աւելցուց, որ Տի Մարիան խումբին մէջ կը վայելէր բոլորին սէրն ու յարգանքը, եւ իրենք ամէն ջանք թափեցին զինք պահելու, սակայն ան չընդունեց եւ որոշեց լքել խումբը:
Յիշեցնենք, որ 26 օգոստոսին Տի Մարիա լքելով Ռէալ Մատրիտը, միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբին 59,7 միլիոն անգլիական փաունտ փոխանցումով մը, որ Անգլիոյ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը նկատուեցաւ:


