ՈԻԷՖԱ-ն իր վերջին աշխատանքներէն ետք եզրակացուցած է եւ կը նախատեսէ, թէ 2015-էն 2018 թուականներուն 30 առ հարիւրով պիտի աւելցնէ «Չեմփիընզ Լիկ»-էն եկած եկամուտները:
Ներկայիս «Չեմփիընզ Լիկ»-էն եկած տարեկան մուտքը մօտաւորապէս կը հասնի մինչեւ 1 միլիառ 340 միլիոն եւրոյի: Այս նոր քաղաքականութեամբ եւ աշխատելաձեւով կը սպասուի ունենալ տարեկան 1 միլիառ 750 միլիոն եւրօ մուտք:


