Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աթէնքը Նախանշեց 100-Ամեակի Իրաւաքաղաքական Բաժինը

September 11, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0910_KhempՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի փուլը սկսած է արդէն ընթացիկ տարուան հասկացողութեամբ: Բնական է, որ մինչեւ յառաջիկայ տարուան վերջը ժամանակացոյցերը գերյագեցած պիտի ըլլան ոգեկոչական, հրատարակչական, ցուցական, քարոզչաքաղաքական աշխատանքներով: Այն ինչ որ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի ժողովասրահին մէջ,  աշխատանքներուն ապահովեց իրաւաքաղաքական նշանակութիւն:

Ճիշդ է, որ ժխտողականութեան քրէականացման  ճիգերուն սկիզբի ազդանշանը տրուած էր նախ Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ եւ ապա Ֆրանսայի մէջ, այսուհանդերձ առաջինի պարագային ժխտում-քրէականացում բողոք  եւ վերադիմում ընթացակարգը հարցին քննարկումը տեղադրեց պարանաձգութեան պարունակի մէջ, մինչ Փարիզի պարագային  ծերակոյտէն խորհրդարան եւ խորհրդարանէն ծերակոյտ ու սահմանադրական դատարան ոլորապտոյտը առկախեց քրէականացման ընթացակարգը: Եւ այս առումով Յունաստանի խորհրդարանի ամսուն 9-ի քուէարկութիւնը առկախումներու կամ ոլորապտոյտներու տեղ չի ձգեր:

Որոշումը կամ ժխտումի դատապարտումը անշուշտ միայն Հայոց ցեղասպանութեան չի վերաբերիր: Մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները ժխտելու քաղաքական մղումով վաւերացուած օրինականացումներ են ասոնք, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւ այստեղ է, որ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի երկակի չափանիշերուն, բացառումն է, որ կ՛երեւի: Ընկալելի չէ, որ Ֆրանսայի տարածքին քրէականացուի հրէական ողջակիզումը հերքողը, մինչ իրաւականօրէն անհետեւանք մնայ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ առնողը: Այս շրջածիրին մէջ էր, երբ Փերինչեքի բողոքարկումին ընթացք տալով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը առարկեց, որ միջազգային ընդհանուր համաձայնութիւն չկայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը եւրոպական կառոյց է, իսկ Եւրոպան իր ընդհանուր խորհրդարանով համաձայնութեան եկած էր այս հարցին շուրջ` տակաւին 1987-ին:

Հիմա, այն ռազմավարութիւնը, որ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակն ու Հայ դատի յանձնախումբերը որդեգրած են` եւրոպական երկիրներու մէջ քրէականացումի տանելու ժխտողականութիւնը, կը թուի, որ փուլ առ փուլ իրագործման ընթացքի մէջ է: Եւ ճիշդ ա՛յս կէտն է փաստօրէն, որ ամէնէն շատ կ՛անհանգստացնէ Անգարան: Օրէնքի ուժ չունեցող որեւէ բանաձեւ ճիշդ է, որ քաղաքական շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Ի վերջոյ ամբողջ երկրի մը ու պետութեան մը ճանաչումն է եւ միաժամանակ դատապարտումը` Ցեղասպանութեան: Սակայն, եթէ օրէնքի ուժ չէ ստացած բանաձեւը, զայն կարելի է ժխտել օրը ցերեկով նոյն այդ ընդունած եւ դատապարտած երկրի տարածքին: Միայն այս չէ անշուշտ  ժխտողականութեան քրէականացման առաւելութիւնը:

Խնդիրը հարցի հետապնդման աշխատանքներու իրաւական դաշտի տեղափոխումն է: Եւ իրաւական ըսելով պէտք է հասկնալ ոչ միայն չժխտելու իրաւունքի վերականգնումը, այլ նաեւ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան հետ կապուած բոլոր հետեւանքներուն իրաւական հատուցումը:

Յունաստանի որոշումը 100-ամեակի առիթով հետզհետէ ձեւաւորուող մեր աշխատանքներու իրաւաքաղաքական բնոյթի կարեւոր նախանիշ է` իբրեւ յաջող սկիզբ: Ասիկա կը յուշէ, որ եթէ ժխտողը պիտի հատուցէ, պիտի հատուցէ նաեւ ժխտուող Ցեղասպանութեան պատասխանատու այսօրուան պետութիւնը իր նախորդներուն իրականացուցածներուն բոլոր հետեւանքները վերացնելու համար: Անհատական, կալուածային, եկեղեցական թէ տարածքային:

Աթէնքը նախանշեց 100-ամեակի աշխատանքներուն  իրաւաքաղաքական բաժինը:

Նախորդը

Առեւանգուած Զինուորներուն Ընտանիքները Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Սկսան Բաց Նստացոյց Մը

Յաջորդը

Այսօր Ժետտայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Համագործակցութիւնը Կազմակերպելու Ժողով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.