
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն, որ Լիբանանի քաղաքական ղեկավարները երկրին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրեն եւ իրենց անձնական շահերէն հրաժարելով դիմեն հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու նախաձեռնութեան: Ան մաղթեց նաեւ, որ երկրին պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող սառած վիճակը վերջ մը ունենայ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներուն պէտք է դէմ դնել յաւելեալ հաւատքով:


