
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճորճ Օզպըրն առաջարկած է Սկովտիոյ լայն ինքնավարութիւն տրամադրել, եթէ անկախութեան շուրջ հանրաքուէի ընթացքին ան որոշէ մնալ Բրիտանիոյ կազմին մէջ: Նախարարը խոստացած է ներկայացնել յստակ ծրագիր մը, որ պիտի ապահովէ Սկովտիոյ նոր լիազօրութիւնները:
«Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին դուք պիտի տեսնէք գործողութիւններու ծրագիրը, որ աւելի լիազօրութիւններ կը տրամադրէ Սկովտիոյ», ըսած է Օզպըրն: Մասնաւորաբար, փոփոխութիւնները պիտի անդրադառնան հարկատուութեան եւ ընկերային ապահովութեան մարզերուն:
Նախապէս Օզպըրն դէմ արտայայտուած էր Բրիտանիայէն դուրս գալու պարագային սթերլինկի իբրեւ Սկովտիոյ ազգային դրամանիշ պահպանման դէմ: Նախարարութեան մէջ նաեւ նշած են, որ Բրիտանիոյ կազմէն դուրս գալու պատճառով Սկովտիայէն զանգուածային կերպով պիտի հեռանան ելեւմտական ընկերութիւնները:
Սկովտիոյ անկախութեան հարցով հանրաքուէն նախատեսուած է 18 սեպտեմբերին:
Ria.ru կը հաղորդէ, որ ըստ նոր հարցախոյզի մը, անկախութեան զօրակցող սկովտիացիներուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով հասած է 51 առ հարիւրի:
«ԵուԿով» ծառայութեան եւ «Սանտէյ Թայմզ»-ի կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ շրջանի անկախութեան օգտին մտադիր է քուէարկել Սկովտիոյ բնակչութեան 51 առ հարիւրը, իսկ դէմ` 49 առ հարիւրը:
Հարցախոյզին արդիւնքները կը վկայեն, որ Սկովտիոյ անկախութեան կողմնակիցներուն թիւը կը մեծնայ: Մէկ ամիս առաջ, նոյն հարցախոյզին տուեալներով` շրջանի անկախութեան օգտին արտայայտուած է հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 39 առ հարիւրը:


