Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդամէնը Թուղթի Կտոր Մը». Ազրպէյճանը . Այսպէս Կ՛անուանէ Արցախի Վերաբերեալ Քալիֆորնիոյ Բանաձեւը

September 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ խստօրէն դատապարտեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը` նահանգի ծերակոյտին կողմէ թիւ 32 բանաձեւի ընդունումէն ետք, որ` «կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերը եւ կ՛աջակցի անոր` զարգանալու իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն», եւ` «կոչ կ’ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Քոնկրեսին` սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան»: Բանաձեւը նաեւ ճանչցաւ այն, որ Արցախը` «պատմականօրէն եղած է հայկական տարածք. սակայն 1921 թուականին Խորհրդային Միութեան օրօք ապօրինաբար անջատուած է Հայաստանէն եւ յանձնուած` նոր կազմաւորուած Խորհրդային Ազրպէյճանի կառավարման»:

Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի երկու պալատները ճնշող մեծամասնութեամբ թեր քուէարկած են Արցախի բանաձեւին` օգոստոս 27-ին նահանգի ծերակոյտը 24-0, իսկ մայիս 8-ին նահանգի ժողովը` 72-1 ձայներու յարաբերակցութեամբ: Այսպիսով, Քալիֆորնիան, Արցախին սատարող նման բանաձեւ ընդունելով, կը միանայ Լուիզիանա, Մէյն, Մասաչուսեց եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներուն:

Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի որոշումները զայրացուցած էին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր դիւանագէտները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլման Ապտուլլայեւը արհամարհեց Արցախի բանաձեւը` զայն անուանելով «ընդամէնը թուղթի կտոր մը»: Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը խստօրէն քննադատեց տեղւոյն հայ համայնքը, Քալիֆորնիոյ նահանգը եւ բանաձեւը: Վերջինս խափանելու իր ձախողութիւնը արդարացնելու համար պնդեց, թէ Քալիֆորնիոյ ծերակուտականները «իրենց ընտրական քարոզարշաւներուն համար հսկայական նիւթական նուիրատուութիւններ» ստացած են «հայկական լոպիէն»: Մոռնալով, որ ան կը ներկայացնէ աշխարհի ամենաբռնապետական վարչակարգերէն մէկը` Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը յանդգնած է դաս տալ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն` «Ամերիկայի քաղաքական համակարգին մէջ առկայ լուրջ թերութեան համար, որ կարիք ունի իսկոյն շտկուելու»:

Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը, նախքան նման անհիմն մեղադրանքներ ընելը, պէտք է համացանցի վրայ փնտռէր, որպէսզի տեսնէր, թէ Արցախի բանաձեւին համար քուէարկած 24 ծերակուտականները որքան գումար ստացած են ամերիկահայերէն, եթէ այդպիսիք եղած են: Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզարշաւներու նուիրատուութիւնները թափանցիկ են, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, ուր այցելած քաղաքական գործիչները ճոխ ընդունելութեան կ՛արժանացնեն եւ կը ճանապարհեն դրամի տրցակներով, ձկնկիթի տուփերով եւ ոսկիի ձուլակտորներով…

Գլխաւոր հիւպատոսը բանաձեւի ընդունումը նաեւ վերագրած է «հայկական լոպիին չափազանց մեծ ջանքերուն Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր շուրջ մէկ միլիոն հայ կը բնակի»: Մէկ միլիոնը այլ չափազանցութիւն մըն է ազրպէյճանցի դիւանագէտին կողմէ, որ շարունակելով իր ընթացքը` կեղծ մեղադրանք կը ներկայացնէ հայկական «ազգային լոպիին», որ, իբր թէ դիմած է «սպառնալիքներու, շանթաժի եւ այլ միջոցներու» Քալիֆորնիոյ ծերակուտականներու դէմ:

Այնուհետեւ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը կը պարծենայ իր գործադրած ջանքերով ընդդէմ բանաձեւին, պնդելով, որ ինք եւ իր հիւպատոսութիւնը շարք մը «լուրջ քայլերու» ձեռնարկած են, ներառեալ` «բողոքի նամակներու յղում բոլոր ծերակուտականներուն (եւ) բազմաթիւ հանդիպումներ անոնց հետ…»: Հակառակ անոր խելայեղ գործունէութեան` ոչ մէկ ծերակուտական դէմ քուէարկեց Արցախի օրինագիծին… Թէեւ աներեւակայելի է, սակայն հիւպատոսը կը պնդէ, որ ինք մեծ յաղթանակ տարած է, որովհետեւ վերջնական քուէարկութիւնը ի նպաստ Արցախին եղած է 24-0, եւ ոչ թէ 40-0, քանի որ որոշ ծերակուտականներ կա՛մ բացակայած են, կա՛մ ձեռնպահ մնացած…

Հասկնալիօրէն գլխաւոր հիւպատոսը մոռցած է նշելու Արցախի օրինագիծին դէմ պայքարի իր մեծագոյն կողմնակիցները` հզօր լոպիական ընկերութիւնները, զորս Ազրպէյճան վարձած է Ուաշինկթընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ` հսկայական գումարներով: Այդ ընկերութիւններէն մէկը` «Ճի. Սի.Այ. Ուորլտուայտ»-ը, Սեթ Ճեքըպսընի գլխաւորութեամբ, նամակ յղած էր Քալիֆորնիոյ 40 ծերակուտականներուն` ռապպի Տով Նիումընի, Պեւերլիվուտի Շապատի, ռապպի Մենտի Քոհենի, Սաքրամենթոյի Շապատի, ռապպի Եոնահ Պուքշթայնի եւ Փիքօ Շուլի ստորագրութեամբ: Երեք ռապպիները ծերակուտականներուն գրած էին, որ իրենք «կտրականապէս դէմ են թիւ 32 բանաձեւին… Ազրպէյճանը կարեւոր դաշնակից է Իսրայէլի եւ հրեայ ժողովուրդին: Հրեաները հազարաւոր տարիներ ազատ եւ պաշտպանուած կ’ապրին Ազրպէյճանի մէջ… Իբրեւ Քալիֆորնիոյ հրէական համայնքի ռապպիներ եւ առաջնորդներ, մենք կը զօրակցինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն Ազրպէյճանի մէջ եւ կը պահանջենք ԴԷՄ քուէարկել բանաձեւին»: Այս ռապպիները ակնյայտօրէն անյարմար վիճակի մէջ դրին իրենք զիրենք` նման անհեթեթ նամակ ուղարկելով, քանի որ չկրցան նոյնիսկ մէկ ծերակուտական համոզել դէմ քուէարկելու Արցախի բանաձեւին: Աւելի՛ն. շրջանառութեան մէջ դրուած իրենց նամակը Ազրպէյճանի քարիւղի տոլարներու անիմաստ վատնում էր, քանզի «Ճի. Սի.Այ.»-ի մեծածախս լոպիինկը անարժէք էր:

Հետաքրքրական է, արդեօք նախագահ Ալիեւ գիտէ՞, որ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը եւ Ուաշինկթընի մէջ դեսպանատունը միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնեն անարդիւնաւէտ լոպիական ընկերութիւններուն վրայ: Արդեօք Ազրպէյճանի քաղաքացիները, որոնք կ՛ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, տեղեա՞կ են, որ իրենց ղեկավարները յօդս կը ցնդեցնեն երկրի հարստութիւնը արտասահմանի մէջ քաղաքական գործունէութեան վրայ` ընդամէնը «թուղթի կտորի մը» հակազդելու համար: Իսկապէս, եթէ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին բանաձեւը անիմաստ «թուղթի կտոր մըն» էր, ինչպէս կը պնդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան, ուրեմն ինչո՞ւ Ազրպէյճանը այդքան ժամանակ, ջանք ու գումար կը ծախսէ` փորձելով խափանել անոր ընդունումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Հանդիպում Եւ Յուշեր. Քերի Քաւանօ` Ամերիկացի Նախկին Համանախագահը

Յաջորդը

Ռոման Փերեզովսքին` Եուրօ 2016-ի Ամէնէն Տարեց Ֆութպոլիստը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։