Մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ուրբաթօրեայ Ս. պատարագ եւ երիտասարդներու հետ զրոյցներու շարքին երկրորդը: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի հսկիչ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան:
Պատարագի աւարտին քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այս աղօթքի պահերուն ձեռնարկած են մեր երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան սկսելու հեռանկարով եւ փափաքով: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն մարդ կ՛ուզէ մեր եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն մասին աւելի գիտնալ` աւելցնելով, մեր գիտութիւնը պէտք է ըլլայ հարազատ եւ իսկական: «Եթէ մեր փնտռածը իմաստութիւնն ու գիտութիւնն է, պէտք է գիտնանք, որ այդ բոլորին սկիզբը Տիրոջ նկատմամբ երկիւղածութեան զգացումն է, եւ առանց անոր մեր հոգեւոր ապրումները հիմք չունին», հաստատեց սրբազանը:


