Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի Անթառամ Յիշատակին Եւ Անոր Քառասունքին Առիթով

September 6, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԳ. Հ. ՍԱՐԳԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԷՐՄԷՆ

0906_Hayr-OkosdinosԱն բազմավաստակ, անխոնջ մշակն էր Տիրոջ հունձքին, եռանդուն, նուիրեալ քահանան Բարձրելոյն:

Օրինակելի երիցագոյն կրօնաւոր հայրիկն էր Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան:

Հաւատարիմ, ուխտաւոր առաքեալն էր հոգիներուն եւ գործադրիչը իր համանուն սուրբին` Ս. Օգոստինոսի խօսքին.

«Եթէ կ՛ուզես սիրել Քրիստոսը, սէրդ տարածէ ամբողջ մարդոց, որպէսզի անոնք դառնան անդամները Քրիստոսի»:

Տիպար դաստիարակ-ուսուցիչն էր նորահաս սերունդին. միշտ կը կրկնէր, թէ` «կեանքի գաղտնիքը ուրիշին համար ապրիլ գիտնալն է»: Մխիթար աբբահայր կ՛ըսէ ազգին` «Քեզի ծառայելը պատիւ է ինծի համար»: Իմ մտահոգութիւնս ազգին ապագան է, որ կախուած է նոր սերունդէն, որ համապատասխանաբար կախուած է մեր դիրքորոշումէն, գիտակցութենէն եւ համոզումէն, թէ` պարտականութիւնը ունինք ազգին հանդէպ»:

Քահանայական շարքերու նօսրացման գիտակից` ծերունազարդ վարդապետը պայծառամիտ, առոյգ եւ մշտադալար հոգւով շարունակեց իր կրօնաբարոյական ու մայրենիի դաստիարակութիւնը մինչեւ այն թուականը ( 13 նոյեմբեր 2009), երբ իր առաջնորդները անարդար պաշտօնագիր-որոշումով արգիլեցին իր մուտքը Լոս Անճելըսի իր իսկ հիմնած դպրոցի սեմէն ներս:

Հնազանդեցաւ. հաւատարիմ ուխտերուն, ապրեցաւ իր խցիկին մէջ աղօթքով եւ գրական պարապումներով:

Սակայն այդ թուականը այն՜քան անջնջելի քանդակուած էր մտքին մէջ ու այն՜քան  խորունկ խոցած էր սիրտն ու հոգին, որ մահէն օր մը առաջ երեք անգամ կրկնած էր աքսորման այդ թուականը` իր պաշտելի վարժարանէն:

Հակառակ այս խաչերուն` ան շարունակեց Տիրոջ ընծայած բարիքներուն հատուցանել իր նուիրումով եւ ստանձնած պաշտօնին հաւատարմութիւնը ցոյց տուաւ իր յարատեւ ներկայութեամբ մինչեւ վերջին շունչը, որ արգասիքն էր իր անխախտ հաւատքին:

Աստուածամայրը` իր պաշտելի Սիրամայրը,  չթողուց, չլքեց իր յոգնաբեկ ծառան, եւ ան Տիրամօր գովերգը կրկնեց միշտ, թէ` «Ան միշտ ողորմութեամբ կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ»:

19 յուլիս 2014ին փոխակերպուեցաւ այս աշխարհէն Անոր քով, որ կ՛ըսէ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը»: (Յովհ. 11)

Տէրը, իր հաւատարիմ առաքեալին թող պարգեւէ կեանք յաւիտենական, ուրախութիւն անխառն եւ շնորհէ աճում եւ պտղաբերում իր ցանած բիւր սերմերուն:

Արդարներու յիշատակը օրհնեալ թող ըլլայ:

Ան 1921-ի սեպտեմբեր 19-ին ծնած է  Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքը (այժմ Ռումանիա: Նախնիները գաղթած են 1319-ին, Անի քաղաքէն:

1927-1931նախակրթարանը կատարած է Ճուրճովի մէջ:

1931 օգոստոսին  մեկնած է Վիեննա,մտած է Մխիթարեան կղերանոց եւ 1938 յուլիսին անդամագրուած է միաբանութեան:

1944 դեկտեմբեր 31-ին` ձեռնադրուած է կուսակրօն աբեղայ:

1945 յունիսին` աւարտած է աստուածաբանական եւ մանկավարժական դասընթացքները, սկսած է ուսուցչագործել եւ 1946-ին Վիեննայի պետական համալսարանէն ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը:

Զանազան շրջաններու եղած է պատասխանատու Մխիթարեան մատենադարանին, թանգարանին, դիւանատան եւ Մխիթարեան անունով խմիչքին նաեւ ուսուցիչ եւ օգնական վերակացու կղերանոցին` Վիեննա:

Զանազան շրջաններու եղած է օգնական տնօրէն, տնօրէն Հազմիէի (Պէյրութ) Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին ու ժառանգաւորներուն, ինչպէս նաեւ` Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհ. վարչութեան անդամ, Ընդհ. գործակալ եւ Ընդհ. Աթոռակալ եւ 1977-83 , 1988-93 խմբագիր «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական ուսումնաթերթի եւ տնօրէն Մխիթարեան տպարանի:

1984-2009 եղած է օգնական տնօրէն Վիենն. Մխիթարեան վարժարանին` Լա Քրէսենթա (Լոս Անճելէս) եւ ապա Տնօրէն նախ Լա Քրէսենթայի մէջ եւ 1998-էն սկսեալ Թիւժիւնկա (Լոս Անճելըս): Նոյն ժամանակամիջոցին ստանձնած է վերակացուի պաշտօն` Վիեննա եւ եղած է հոգեւոր հովիւ հունգարահայոց:

Վախճանած է 2014 յուլիս 19-ին Թիւժենկա` Լոս Անճելըս:

Գրական վաստակին մաս կի կազմեն.

1949` Նոր Կտակարանի գիրքերուն կարգը.

1971` Վիեննայի Մխիթարեան թանգարանի Կոստանդին Երրորդէն մինչեւ Լեւոն Ութերորդի դրամները.

1982` Վիեննայի Մխիթարեան թանգարանի Հեթում Բ., Լեւոն Գ. եւ Աւշինի դրամները.

1983` Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու ցուցակ, Գ. հատոր.

1987` Աշխարհաբար սաղմոսարան: Աշխարհաբար Հին Կտակարան: «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի 100 տարուան մատենագիտական ցուցակ:

Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական յօդուածներ, մանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի մէջ:

Առաջին անգամ ապացուցած է, թէ դրամահատութեան արքայական փողերանոցներ ունեցած են կիլիկեան շրջանին ոչ միայն Սիս եւ Տարսոն քաղաքները, այլ նաեւ` վաճառաշահ Այաս նաւահանգիստ-քաղաքը:

Մամուլի տակ է Նոր Կտակարանը աշխարհաբարով:

 

Վիենն. Մխիթ.

 

Նախորդը

«Յիշատակարան Ատանայի Աղէտի» (Հեղինակ` Համբարձում Յ. Աշճեան) Բ. Հրատարակութիւն

Յաջորդը

Հողվրտիք . Ժիրայր Իսկէնեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.