Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆՏԷՐ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԹԱՂԵՆՔ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏ` ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ ԱԶԳԸ

July 16, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակն է, որ քաղաքական, մտաւորական, կրօնական եւ ամէն կարգի ղեկավարութիւններ յստակօրէն բանաձեւուած տեսակէտներով հրապարակ գան` ըսելու համար, որ առանց ազգային հարազատ լեզուի` ի՞նչ կը նշանակէ ազգ, ինչպէ՞ս կը ճշդուի ազգի ինքնութիւնը:

Հայերէնը ամէն օր ձեւազեղծման ենթակայ է` օտար բառերու վայրագ ներխուժումով, խօսակցական լեզուի մէջ, եւ ապա` մամուլի ու գրականութեան: Այս ընթացքին բնական որպէս հետեւանք` շարահիւսութեան մէջ կը ներմուծուին աշխարհի տարբեր լեզուներէն փոխ առնուած օտարաբանութիւններ, ըստ ենթականերու պատրաստութեան եւ ըստ աշխարհագրական շրջաններու: Խօսուած եւ գրուած հայերէնը քիչ մը ռուսերէն է, քիչ մի ամերիկերէն, քիչ մը արաբերէն, քիչ մը թրքերէն, քիչ մը ֆրանսերէն, քիչ մը սպաներէն: Դարպասները քանդուած են, պաշտպանութիւն չկայ: Ազգային հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան չափ կարեւոր է ազգային լեզուի սահմաններուն պաշտպանութիւնը: Հայ անհատը եւ անոր ղեկավարութեան կոչուածներ եթէ զուրկ են այս գիտակցութենէն, կը գտնուին ազգաքանդ դերի մէջ:

Ազգային լեզուի պաշտպանութիւնը ազգային իրաւ հարազատութեան ռազմավարութիւն է, որուն իրականացման համար պիտի պայքարի ապագայատես իրաւ ղեկավարութիւնը, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք տեւեն, ըլլան շարունակութիւն, չըլլան ծագումով հայ նոր տեսակի բազմագոյն հաւաքականութիւններ: Այս շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը տեղի կու տայ այսօր սոսկ քաղաքացի ըլլալու, ստապատիր եւ անհարազատ արդիականութեան, խորքէ դատարկուած պատշաճեցումներու, անբովանդակ ինքնատպութեան ցուցադրութեան եւ անվաղորդայն մարդորսութեան տխրութիւններուն առջեւ:

Լեզու սորվելու դեղահատ չկայ: Լեզուն կը սորվին տունը եւ դպրոցի մէջ: Երբ Խորհրդային Հայաստանի երեւելիները իրենց զաւակները կը ղրկէին ռուսական վարժարան, ո՞ր ազգային հեռանկարին կը ծառայէին: Երբ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛արտօնէ, որ օտարալեզու վարժարաններ հաստատուին երկրին մէջ, ո՞ր ազգային հեռանկարին եւ որո՞նց կը ծառայէ, համոզիչ բացատրութիւն տուող չեղաւ: Դեռ մինչեւ երէկ հայկական սփիւռքի բաբախող սիրտը համարուող Լիբանանի դպրոցական տարիքի հայ տղոց կէսէն աւելին կը գտնուի օտար վարժարանի մէջ, ուր հայերէն դասապահեր ստեղծելու ցանկութեան կ՛ընդդիմանան հայ ծնողք, երբ հարիւր հազար հայութիւն հաշուող Նիւ Եորքի մէջ հայկական վարժարան կը յաճախեն չնչին թիւով հայ տղաք, ուր մէկ աշակերտով դասարան կայ, ինչպէ՞ս շարունակութիւն պիտի ըլլան նորերը:

Խորհրդային օրերուն հայերէնի մէջ տուն-տեղ դարձած հազարաւոր բառերէն ձերբազատելու աշխատանք չեղաւ, չկա՛յ: Անկախութիւնը ինքնութեան հպարտութիւն չբերաւ: Աւելի՛ն. պետական մարդիկ անդադար կոչ կ՛ընեն օտար բառերու, որոնք եթէ երէկ ռուսերէն էին, այսօր ամերիկերէն են, կարծէք` բանգէտի տարազ կ՛ուզեն հագնիլ: Զարմացնող (ըսէ՛ք զայրացնող) – երեւոյթ է ազգի առաջնորդութեան իրենք զիրենք կոչածներու վարդապետական խրատը, որ անպատեհութիւն չկայ ըսելու` թելեվըզըր, ինթըրնեթ, սամալիոտ, վաուչեր, դիպլոմատիա, պոտենցիալ, պրոսոտիւրա, հոսպիտալացնել, ապամոնթաժել… առանց մոռնալու անցեալէն եկող` մուրապպան, պոմիտորը, բադրիճանը, ռեստորանը, վերլիբրը: Ասիկա լեզուի` հարստացո՞ւմ է թէ գաղութացում … Առանց սեփական լեզուի` ինչպէ՞ս սահմանել ազգը, առանց լեզուի անկախութեան` կա՞յ ազգային իրաւ անկախութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով, Հայաստան գումարուող բազմատեսակ համագումարներ, կուսակցութիւններ, Գրողներու միութիւն, կը զբաղի՞ն այս հիմնահարցերով: Ի՞նչ իմաստ ունի, օրինակ, սփիւռք(ներ)ի հարցերով ժողովներ գումարել, երբ որպէս առաջին օրակարգ չունինք հայախօսութիւնը, հայագրութիւնը, հայերէնի զտումը, զայն համազգային լեզու դարձնելու անսեթեւեթ կամքը: Դեռ չենք խօսիր քաղաքական որոշումով «արդի» համարուած ուղղագրութեան մասին, որ ազգը բաժնեց հատուածներու եւ տասնհինգ դարերու ժառանգութենէն խորթացուց «սովետահայ» դարձած հաւաքականութիւնները, խորթացում,  որ կը տեւէ, պայծառատեսութեան պահու մը այդ մասին եղած վերականգնումի խոստումները կը դրուին անպէտք իրերու զամբիւղը:

Իսկ Գրողներու միութիւնը կը գումարէ օտարագիր հայերու համագումար… բարենի՞շ տալու համար:

Ազգային իրաւ վերականգնումի մը համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), յայտնատեսութեան պահու մը, պիտի կարողանա՞նք իրականացնել մեր մշակութային յեղափոխութիւնը, որպէսզի, ետուրիզմեէն եւ եբիզնեսեէն անդին, տոկայ եւ տեւէ ազգը, որ չըլլայ անդիմագիծ նոր մը, այլ` հարազատ շարունակութիւն:

Ծնունդ կ՛առնէ՞ ազգի իրաւ զարգացման ղեկավարութիւն: Եւ եթէ չկայ, չծնի այդ ղեկավարութիւնը…

Մենք մեզ կը գտնենք Վիգէն Խեչումեանի պատկերին դիմաց, կ՛ըլլայ սկիզբ նորի, բայց` ոչ նախկինի շարունակութիւն:

Յիշենք, կրկին, պատմահայր Մովսէս Խորենացին, որուն աւանդը կը մոռնանք: Ան Հայաստան աշխարհը կը սահմանէր հայերէն խօսողներով բնակուած երկիրը... Եթէ հայերէնը թաղենք, ո՞ր ազգը, ո՞ր Հայաստանը եւ ո՞ր Հայաստանի երազը պիտի մնան:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Նախորդը

ՔՀԳ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒԼԻՍ 7-Ի ՆԻՍՏ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ. ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ՀԱՅ ԳՐՈՂԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՇԻՆԻՉ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։