Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան զօրաւորագոյն խումբերէն Օլիմփիաքոս երէկ հրապարակեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան մասնակցող իր մարզիկներուն ցանկը:
Օլիմփիաքոս իր կազմէն դուրս ձգեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Գէորգ Ղազարեանը, որ նախորդ յունիսին միացած էր Օլիմփիաքոսին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած են 22 ֆութպոլիստներու անուններ, մինչ երկու այլ մարզիկներու անունները նշուած են Բ. ցանկին մէջ:


