Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ՒՐ ՄԱՐԴԻԿ ԱՒԵԼԻ ՈՒՐԱԽ ԵՆ

July 16, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս կարելի է չափել երջանկութիւնը աշխարհին մէջ: Անգլիոյ մէջ Լեչըսթըրի համալսարանը կատարած է ուսումնասիրութիւն մը եւ կազմած է քարտէս մը` դասակարգելով երկիրները ըստ այդ ժողովուրդին երջանկութեան մակարդակին: Նկատի առնուած են բազմաթիւ չափանիշներ. կեանքի երկարութիւնը, ուսում ստանալու դիւրութիւնը, արդիւնաբերութիւնը եւ այլն: Այս արդիւնքին հասնելու համար այս քարտէսը համախմբած է փնտռտուքի բազմաթիւ կեդրոններու ուսումնասիրութիւնները: Այս չափանիշները հետաքրքրական են, սակայն արդեօք անոնք բաւարա՞ր են: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի երջանկութեան իրեն յատուկ ըմբռնումը: Այս ձեւով, օրինակի համար, Քոսթա Ռիքան 13-րդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի ըստ Լեչըսթըրի համալսարանի ցանկին, սակայն, ան առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ըստ ուսումնասիրութեան մը, որ ժողովուրդը կը հարցապնդէ երջանկութեան մը զգացումին մասին:

Միացեալ Նահանգներ
Դանիա

Առաջին` Դանիա
Դանիացիները վստահութիւն ունին իրենց ապագային վրայ եւ կ՛ապրին «հակկին» , դանիերէն բառ մը, որ կը նշանակէ հանգստաւէտ հանդարտութիւն մը` բարեկամներու հետ:

23-րդ` Միացեալ Նահանգներ
Արդեօ՞ք դրամը երջանկութիւն կը բերէ: Աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրը աշխարհի ամէնէն ուրախ երկիրը չէ… Նոյնիսկ եթէ ան բաւական առաջնակարգ դիրքի վրայ կը գտնուի: Ան տակաւին կը գրաւէ ուշադրութիւնը բաւական ներգաղթողներու, որոնց մտքին մէջ զօրաւոր է «Ամերիկեան երազի» գաղափարը:

Ռուսիա

167-րդ` Ռուսիա
Աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրը շատ ուրախ չէ. ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ռուսերը կը գանգատին ուսումի, բժշկական խնամքներու ցած որակէն, ինչպէս նաեւ` վարչակարգէն:

178-րդ եւ վերջինը` Պուրունտի
Պուրունտի աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն մէկն է, եւ թշուառութիւնը տակաւին կը շարունակէ յառաջանալու… Առաւել, հոն ապրող տարբեր համայնքները շատ դժուարութեամբ կ՛ապրին իրարու հետ:

 

ԽԱՂԱՆՔ

ՔԱՌԱԿՈՒՍԻ ՄԸ ՇԱՀԻՆՔ

Այս խաղը կրնաս խաղալ ընկերոջ մը հետ: Խաղին նպատակն է քառակուսիներ կազմել եւ թիւեր շահիլ:

Կը յաղթէ այն անձը, որ ամէնէն շատ թիւ կը հաւաքէ, երբ բոլոր քառակուսիները կը կազմուին:

Ինչպէ՞ս խաղալ

Խաղցողներէն իւրաքանչիւրը իր կարգին գիծ մը կը քաշէ իրարու քով գտնուող աստղէ աստղ: Կարելի է որեւէ ուղղութեամբ երթալ` բացի շեղակիէն: Երբ քու կարգիդ քառակուսի մը կ՛ամբողջացնես, հետեւեալ ձեւով թիւերը կ՛արձանագրես.

– Պարապ Քառակուսի = 1կէտ
– Գնդակով քառակուսի = 3 կէտ
– Դրօշակով քառակուսի = 5 կէտ

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԾՈՎՈՒՆ
ՋՈՒՐԸ ԱՂԻ Է

Ժայռերէն եկած հանքային աղերուն պատճառով:

Երբ մենք աղ կը դնենք ջուրին մէջ, անիկա կը լուծուի եւ ջուրը աղի կը դառնայ:  Գետերն են, որոնք մինչեւ ծով կը փոխադրեն անձրեւներէն եւ ժամանակէն մաշած ժայռերէն եկած հանքային աղերը:

Միլիառաւոր տարիներու ընթացքին, անձրեւներուն ջուրերը «մաքրած» են ժայռերը` իրենց հետ տանելով զանոնք կազմող հանքային աղերուն մէկ մասը: Ամէն տարի ջուրի բոլոր հոսանքները ովկիանոսներուն մէջ կը թափեն միլիոնաւոր թոներով հանքային նիւթեր: Ծովերը գետերէն եւ լիճերէն աւելի աղի են, որովհետեւ ջուրին մէկ մասը կը շոգիանայ: Ամէն ծով քիչ թէ շատ աղի է:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ,
ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Աւելի քան հազար երկրագունդեր կրնան բաւել Լուսնթագ մոլորակին մէջ:
  • Օրերը միայն 18 ժամ կը տեւէին մէկ միլիառ  տարիներ առաջ:
  • Թագուհի մեղուն գարնան կրնայ օրական 2000 հաւկիթ ածել:
  • Կնոջ մը սիրտը սովորաբար աւելի արագ կը բաբախէ, քան` այր մարդու մը սիրտը:
  • Ալասքայի մէջ գոյութիւն ունին 30 մեթր բարձրութիւն ունեցող աւազի բլուրներ:
  • Անկարելի է լման ծիածան մը տեսնել երկնքին մէջ կէսօրին:
  • Չորս հազար տարեկան փոփքորն գտնուած է Նիւ Մեքսիքոյի (Միացեալ Նահանգներ) մէկ քարայրին մէջ:
  • Մողէսը իր լեզուն դուրս կը հանէ շնչելու համար:
  • Իտալիոյ մէջ կրնաս թարմ փիցցա գնել ցրուիչ մեքենայէ մը:
  • Երեւակ մոլորակին գօտիները կազմուած են սառոյցէ եւ ժայռերէ:
  • Կատու մը մօտաւորապէս 20 մկան ունի իւրաքանչիւր ականջի մէջ:
  • Ուղեղիդ մօտաւորապէս երեք քառորդը ջուր է:
  • Աղտոտ ձիւնը աւելի արագ կը հալի, քան մաքուր ձիւնը:
  • Իւրաքանչիւր վագերաձի ունի գիծերու տարբեր բնազարդի ձեւ:
  • Մարդ արարածները կրնան դէմքի 10 հազար տարբեր արտայայտութիւններ ընել:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

Հայկը Տիգրանին պիտի հանդիպի շարժապատկերի սրահին առջեւ: Ժապաւէնը կը սկսի առտուան ժամը 11:10-ին: Արդեօք ան ժամանակին պիտի հասնի:

1- Առտուան ժամը 10-ն է: Հայկը ուրիշ բանով կը զբաղի եւ 35 վայրկեան կ՛անցընէ պատմութեան պահուն ներկայացնելիք զեկուցումը վերջացնելով:

2- Ան հանրային փոխադրակառքը կը փախցնէ եւ ստիպուած` տուն կը վերադառնայ: Ան 10 վայրկեան կը կորսնցնէ:

3- Անոր մայրը իր ինքնաշարժով զայն շարժապատկերի սրահ կը հասցնէ: Ճամբան 17 վայրկեան կը տեւէ:

4- Սակայն ճամբուն վրայ անոնք 12 վայրկեան կը կենան վառելանիւթ գնելու:

5- Հետեւաբար Հայկը ժամանակին կը հասնի՞ շարժապատկերի սրահ:

Այո Ոչ

Պատասխանը վերջաւորութեան

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել նկարող մեքենային հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու դէմքերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր շարքի, սիւնակի եւ քառակուսիի մէջ զետեղելով վերի չորս ձեւերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Հայկ սրահ կը հասնի ժամը 11:14-ին: Ան ուշացած է: ստիպուած` տուն կը վերադառնայ: Ան 10 վայրկեան կը կորսնցնէ:

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

Յաջորդը

ՔՀԳ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒԼԻՍ 7-Ի ՆԻՍՏ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ. ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ՀԱՅ ԳՐՈՂԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։