Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

July 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փոլ Կիրակոսեանի առաջին գործը` ինքնանկարը, երկու կողմերը` մօր եւ կնոջ նկարները

Երէկ` հինգշաբթի, 14 յուլիսի կէսօրին, Ժտէյտէի մէջ գտնուող «Փոլ Կիրակոսեանի թանգարան» այցելողները կրնային ամենայն հարազատութեամբ եւ ամբողջական կերպով ըմբոշխնել լիբանանահայ հանրաճանաչ գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանը` իր ներաշխարհով եւ արուեստով: Յատկանշական եւ խորհրդանշական էին սրահին կեդրոնը դրուած եւ իրարու նայող երկու պաստառները` մէկը Փ. Կիրակոսեանի առաջին գործը, իսկ միւսը` վերջին, զոր գծած է մահուան օրը, 1993-ին:

Փոլ Կիրակոսեանի առաջին գործը եղած է իր ինքնանկարը, որուն կողքին կախուած է գեղանկարչական իր գոգնոցը, իսկ երկու կողմերը` մօր եւ կնոջ նկարները, որոնք ծնունդ առած են Փոլ Կիրակոսեանի վրձինին տակ, եւ որոնք կը հանդիսանան իգական սեռին առնչուած իր համոզումներուն եւ կնոջ նկատմամբ արուեստագէտին ունեցած մեծ յարգանքին ու արժեւորման դրսեւորումը:

Այս պաստառներուն դիմաց պաշտօնապէս կը հանգչի «Ցտեսութիւն» պաստառը` Փոլ Կիրակոսեանի վերջին «զաւակը», զոր «ծննդաբերելէ» ետք արուեստագէտը իր ընտանիքի անդամներուն յայտնած է, որ իր գործը արդէն ամբողջացուցած ու լրումին հասցուցած է: Անոնք չէին հասկցած, որ արուեստագէտը արդէն նախազգացած էր մահը եւ հաշտուած անոր հետ:

Վերջին գործը` «Ցտեսութիւն»

Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են Փոլ Կիրակոսեանի գործերուն գլուխ գործոցները, որոնք ընտանեկան անձնական հաւաքածոյին մաս կը կազմեն եւ չեն վաճառուիր: Մթնոլորտը յագեցած էր կիրակոսեանական արուեստով, անոր պաստառներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլային անոր զգացումները, մտածումները, կեանքի տարբեր երեւոյթներուն նկատմամբ անոր մօտեցումները:

Փոլ Կիրակոսեանի դուստրը` Սիլվա Կիրակոսեան, «Ազդակ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ մեծ արուեստագէտին այս գործերու իւրայատուկ ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի ՄԵՆԱՍԱՐԹ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցող կամ անոր հրաւիրուած արուեստագէտներ, ցուցասրահներու պատասխանատուներ եւ արուեստասէրներ առիթ ունենան Փ. Կիրակոսեանի ուրոյն գործերուն ծանօթանալու եւ անոնց ընդմէջէն թափանցելու կիրակոսեանական աշխարհ: Ցուցադրուած պաստառներուն ակնարկելով` Ս. Կիրակոսեան պատմեց, թէ գէթ քանի մը հատը ինչպէ՛ս կամ ինչո՛ւ գծուած է` դիտել տալով, որ իր հայրը պաստառներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլէր իր շրջապատը, իր ապրած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ: Իր յուշերը պատմելով` Ս. Կիրակոսեան յայտնեց, որ Փոլ Կիրակոսեանի համար կինը սրբազնագոյն էակ է, որովհետեւ ան կարողութիւն ունի երկրորդ էակ մը կրելու իր մէջ: Կինը հերոս է Փոլ Կիրակոսեանի համար, մայրութիւնը մաքրութեան եւ անձնազոհութեան գագաթնակէտն է. այս բոլորը շատ յստակ էին անոր պաստառներուն մէջ, որոնք կը խօսէին անոնց դիմաց կանգնած իւրաքանչիւր անձի հետ:

Ցուցահանդէս այցելողներուն կարգին էր նաեւ Ժտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժըպարա, որ «Ազդակ»ի հետ խօսելով յայտնեց, թէ նման նախաձեռնութիւն մը քաղաքակիրթ քայլ մըն է, որ մեծապէս կ՛օժանդակէ Լիբանանի պատկերի լուսաւորման: Անոր համաձայն, Փոլ Կիրակոսեանի արուեստին արժեւորումը կատարելը բաւական դժուար է, որովհետեւ ան նշանաւոր է, արժեւորուած է բոլորին կողմէ: Ան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ Կիրակոսեանի գոյներու միախառնումին եւ վրձինի հարուածներուն վրայ, որոնք գեղեցկութիւն ու հարստութիւն կու տան պաստառներուն:

Ինքնանկար, մայրութիւն, ընկերութիւն, թախիծ, սպանդ, ընտանիք, կեանքի շրջանակ, բիւրեղութիւն, վերջին ընթրիք, Ապտել Նասըրի մահ… Ցտեսութիւն: Փոլ Կիրակոսեանի ցուցադրուած պաստառներուն նիւթերը եւ անոնց ընդմէջէն ցոլացող խորհուրդները յատուկ են կեանքի բոլոր երեւոյթներուն տարբեր ձեւով մօտեցող լիբանանահայ մեծ արուեստագէտին, որ իր ստեղծագործութիւններով մարդը կը մղէ մտածելու, զգալու եւ ապրելու…

Ն. Բ.

Նախորդը

«ՍՓԻՒՌՔԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱՌԱՆՑ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՈՐԵՒԷ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։