Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 15 տարեկան ամերիկացի Քաթերին Պելիս բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-1, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 12-րդ դիրքը գրաւող Տոմենիքա Ցիպուլքովայի (Սլովաքիա):
Անկախ իր արձանագրած այս յաղթանակէն, ան «Եու. Էս. Օփըն»-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ երկրորդ թենիսվումընը, որ 15 տարեկան հասակին կը շրջանցէ Ա. հանգրուանի արգելքը:
Նախապէս նման յաջողութեան հասած էր Աննա Քուրնիքովա (Ռուսիա):


