Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի մրցանիշներու «Կինես» գիրքը կը հրապարակէ ցանկը այն անձերուն, որոնք տարբեր տեսակի աշխարհի մրցանիշներ կը հաստատեն:
Բնականաբար, այդ մրցանիշին հաստատումին փաստուելէն ետք է, որ անոնց կը յանձնուին յատուկ վկայագիրներ:
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, գերմանացի թենիսվումըն Սապին Լիսիցքի իր կարգին մուտք գործեց «Կինես»-ի աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով, որ նախապէս տեղի ունեցած թենիսի մրցաշարքի մը ընթացքին ան հարուածած էր ամէնէն արագ սերվը, որ հասած է ժամական 210,8 քմ արագութեան:


