Լիբանանի ախոյեան եւ գերբաժակակիր Պէյրութի դրամատան ֆութսալի խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Չինաստանի Շանկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ակումբներու ֆութսալի 5-րդ ախոյեանութեան, երէկ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` այս անգամ մրցաշարքին տիտղոսակիր Շոնպորի Պլու Ուէյվէն (Թայլանտ), 4 – 0 արդիւնքով (կիսախաղ` 1 – 0):
Լիբանանեան խումբը, այսօր` չորեքշաբթի, 27 օգոստոսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի մրցի Քուէյթի ախոյեան Քատիսիէի դէմ:


