Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրս… Հարսանիք… Հալէպ…

August 27, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տիթրոյիթ եմ: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր, Ս. Սարգիս եկեղեցի հաւաքուած ենք: Եկած ենք ընտանեօք, եղբօրորդի-սանուկիս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կը հաւատամ, որ մարդու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ, որոնք առանց ազդանշանի, անակնկալ կերպով անոր միտքի խորերէն կը յայտնուին, անոր էութիւնը կը գունաւորեն, տարբեր զգեստներ կը հագցնեն անոր յուշերուն, որոշ ժամանակի մը համար մտովի կ՛անջատեն իր անմիջական շրջապատէն եւ ապա զինք կը տանին եւ մօտիկ կամ հեռու անցեալի մը ովկիանին մէջ կը նետեն:

Այդպէս ալ եղաւ:

«Օրհնեա՛, Տէր մեր…»:

Արարողութեան սկիզբը, չես գիտեր` ինչպէ՛ս, յանկարծ յիշեցի ողորմած հայրս, որուն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պիտի ըլլար ոչ միայն իր զաւակներուն, այլեւ իր թոռներուն պսակադրութիւնը տեսնել Հալէպի Քառասուն Մանկանց պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որովհետեւ իրեն համար հոն ամէն բան սուրբ էր` իբրեւ անցեալի մաքուր ժառանգութիւն եւ պաշտամունքի մթնոլորտ:

Իսկ հիմա, ի տես այս պսակին, հօրս փափաքը, իղձն ու մեծ երազը այլեւս հաստատապէս փլած ու նոյնիսկ ցնդած էր: Ահա այսպէս է հայուն կեանքը, կ՛ըսեմ մտովի: Կարծես բոլորս ալ ազգովին զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Կը զգայի, որ վերստին բացած էի մեր պատմութեան էջերը եւ կը փորձէի խունկով ու հաւատքով լեցուն այս եկեղեցւոյ մէջ ես ինծի կարդալ:

«Տեսէ՛ք, զաւակներս…»:

Հայրս էր, որ զիս կրկին մտովի կը տանէր մեր պատմական Հալէպը, հո՛ն, ուր ամէնօրեայ երկիւղը մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն էր: Այս օրերուն, հո՛ն, ուր ճգնաժամային օրեր եւ ժամեր առկայ են, ուր ջուրի եւ լոյսի համար մարդիկ մուրացկան դարձած են: Հո՛ն, ուր մեր գաղութը, քանի մը տարիներէ ի վեր, կանուխ ճանչցած էր տառապանքը` քսանմէկերորդ դարուն: Եւ քանի որ տառապանքն ու վախը հանապազօր սնունդ դարձած էին, անոր համար ալ իր զաւակներուն բառերը դառնութեան ձայներով հիւսուած էին:

Օ՜հ, Աստուած իմ, կարծես դարձեալ աշխարհ մը տխուր յուշեր եւ վշտալի ըսելիքներ կախուած են շրթներէս:

«Տղա՛ս, հնազանդ պիտի ըլլաս…»:

Ճիշդ է, որ ազգովին տառապանքին հնազանդած եւ վարժուած էինք, սակայն ամէն բան չափ ու սահման ունի: Այս մէկը անտանելի է: Ըսէ՛ք, ե՞րբ կեանքը մեզի պիտի պարգեւէ ուրախութիւն: Չե՛մ գիտեր:

Զսպուած եւ յուզուած` կրկին ու կրկին հարց կու տամ. այս բոլորը Հալէպի մեր տիպար ու հնազանդ գաղութը կը կրէ իր ո՛ր չգործած մեղքերուն համար: Արդեօք այս բոլորը ե՞րբ կանգ պիտի առնեն: Ըսէ՛ք: Ո՛չ ոք ունի յստակ պատասխան: Պատահեցան եւ տակաւին կը պատահին բաներ, զորս երբեք չէինք յուսար: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր Հալէպի կործանումը եւ մեր մայր գաղութին քանդումը:

Այս օրերուն ատելութիւն, ջարդ, աւերակ, մէկ խօսքով` մահն է, որ ամէն ժամ կը սպասէ տուներու սեմերուն այդ քաղաքի, որուն բնակիչներուն համար այլեւս դէպի երկինք աղերսն ու «Տէր, ողորմեա՛»-ները անըմբռնելի դարձած են: Կարծես իրենց հաւատքն ալ մաշած է: Մեղա՜յ…

Ամէն օր փլող կեանք կայ: Կան ամէնօրեայ փորուող գերեզմաններ: Ամէն քայլափոխի հայու հոգին կը պոռայ իր ցաւերէն: Արդեօք ո՞վ է լսողը: Կայ նաեւ նոր հերոսներու սրբագործ պաշտամունք եւ յամառ պայքար` հայ կեանքի ապերախտ պայմաններուն դէմ: Արդեօք ո՞վ է հետաքրքրուողը: Դո՛ւք ըսէք:

«Այո՛, հնազանդ եմ…»:

Այո՛, կայ նաեւ թունաւոր ատելութիւն: Թունաւոր ուրախութիւն: Ճիշդ է, որ ներկայիս աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որու սահմանները արիւնով գծուած չըլլան, բայց այդ մէկը հոգս չէ: Հալէպս կը նմանի առանց հերոսի թատերախաղի մը, որուն նոյնիսկ դերասանները կորսուած են, իսկ հանդիսատեսները` յոգնած իրենց վրայ թափուած սուտերէն:

«Ուրախ լեր, սուրբ…»:

Ինչպէ՞ս ուրախ ըլլալ, երբ ամէն օր մահն է, որ կը շրջագայի անոր փողոցներէն: Միւս կողմէ ալ, ըսէ՛ք, խնդրեմ, ե՞րբ մենք իսկապէս ազգովին եւ լրջօրէն, այլ ոչ թէ` պատահական, պիտի գիտակցինք պատահարին, աղէտին, տագնապին, կորուստին: Հալէպցին լաւ գիտէ, թէ՛ բառերու հացով կարելի չէ սնանիլ եւ ոչ ալ` գաղափարներու գինիով: Ե՞րբ բարձր պահած պիտի մնանք աշխարհի մեծերուն ցցած մեր բողոքի դրօշակը: Ե՞րբ մեր օժանդակութեան բոցը առկայծ պիտի կարենանք պահել` փրկելու համար մեր մայր գաղութը: Մշտական սէր, մշտական խանդավառութիւն եւ մշտական հաւատարմութիւն է պէտք մեր այս գաղութին: Առանց սակարկութեան` նուիրուածութիւն:

«Թագ պարծանաց…»:

Հալէ՛պ, հայրս մեզի միշտ ըսած էր, ու մենք համոզուած էինք, թէ դուն հայութեան թագն ու պարծանքն ես: Որքա՜ն գեղեցիկ էիր մեզի համար: Որքա՜ն փայլուն յուշեր եւ թաղուած յոյսեր կային մէջդ: Կը վերյիշեմ:

Աստղերուդ հետ կը քնանայինք: Անոնց հետ մեր բակերը կամ տանիքներուն վրայ մեր դասերը կը սորվէինք: Հայերէնի կողքին, արաբերէն սիրային երգ մըն ալ կը լսէինք եւ նոյնիսկ կ՛երգէինք: Ուրախ էինք, հայրենիքի չափ: Անաղարտ նայուածքով եւ ամչնալով կը սիրէինք: Է՜հ, կեանք:

Ո՞վ կրնայ հրաժարիլ իր ծննդավայրէն: Բոլորս` մեծով ու պզտիկով, անշահախնդիր մասնակից կը դառնայինք մեր գաղութի հաւաքական քաղցր աշխատանքներուն` սքանչելի հաւատարմութեամբ, իւրաքանչիւրս իր դերին գիտակցելով եւ կեանքին հանդէպ սիրով լեցուն բաբախումներով:

Հալէ՛պ, նոյնիսկ կեանքի մռայլ հրապարակներուդ վրայ կար կեանքի խորքը: Կար նաեւ հերոսութեան եւ յաղթանակի սէրը: Կար նաեւ հայօրէն ապրելու աւանդութեան եւ դարաւոր հաւատարմութեան ոգին: Քովդ ամէն բան համբուրելի էր` իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն:

«Սուրբ Աստուած…»:

Սուրբ Տէր, չե՞ս կարծեր, որ կը բաւեն Հալէպի մեր նահատակներն ու մեռելները: Ե՞րբ ժամը պիտի հասնի կեանքին վերադարձնելու այն, ինչ կը պարտինք կեանքին: Կարծես Դուն հոն չես, այլ միայն սարսափն է, որ ցցուած կը մնայ բոլորի հոգիներուն մէջ:

Չեմ ուզեր, Տէ՛ր, որ մեր գաղութին զաւակները իրենց աչքերուն մէջ խորին տառապանքով կրեն կորուսեալ պատկերը յոյսին եւ խաղաղութեան: Ըսէ՛, ե՞րբ աստուածային լոյսդ պիտի ծագի հոն ապրող բոլոր երկրպագուներուդ առաջ:

«Օրհնեա՛, Տէր մեր…»:

Օրհնէ՛, Տէ՛ր, մեր գաղութը: Խնամքով պահէ զայն ժամանակի աւերին դէմ, որովհետեւ հոն տակաւին ողբերգութիւնն է, որ կ՛ապրի: Հոն մեր ազգակիցները իրենց արդար քրտինքը թափած են: Քեզի համար եկեղեցիներու քարերուն վրայ` իրենց ճակատները մաշեցուցած: Թո՛ղ, որ յիշողութեանդ մշուշը չպղտորէ անոնց արեւը:

Ու հաւատա՛ որ հոգւոյս մէջ, անաւարտ յուզումներուս կողքին, կայ կոչի նման մարմաջ մը, որ նոր շարականի ծլումը կը բերէ շուրթերուս:

«Աչքերնիդ լոյս…»:

Այո՛, աչքերնիս լոյս, միայն այն ատեն, երբ խաղաղութեան աղաւնին Հալէպ վերադառնայ: Իրենց նման ես ալ խորապէս հաւատացած եմ, որ օր մը անպայման զուարթ առաւօտեան ոտնաձայները լսելի պիտի դարձնես, ու գաղութը իր վերապրելու հպարտութիւնը գտնելով առ որ անկ է` ցոյց պիտի տայ, թէ ինք ողջ է եւ արթուն: Թէ ինք չէ՛ նստած ծուլութեան բազմոցներուն վրայ, այլ, հակառակ դժոխային իրավիճակին, մնացած է հաւատարիմ իր ազգութեան եւ աւանդին:

 

 

Նախորդը

Դատապարտուածները Կամ`«Արիւն Թողնելը» Ազրպէյճանական Ձեւով

Յաջորդը

Իպոլա Համաճարակը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.