Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Բակօ Սահակեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց

August 26, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

250814-AnvtangXorhurd-InfoԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն  օրակարգին վրայ էին յուլիս-օգոստոս ամիսներուն Շահումեանի շրջանին մէջ եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին բարելաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն, իրականացուած աշխատանքներուն, անոնց արդիւնքներուն  եւ հետագայ ծրագիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներուն  նախապատրաստման ընթացքին մասին հարցերը:  Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Առաջին հարցին վերաբերեալ զեկուցած  են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, արտակարգ իրավիճակներու  պետական ծառայութեան ղեկավարները:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերուն` երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ համակարգուած աշխատանքի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ համապատասխան կառոյցներու միացեալ գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած  բոլոր ոտնձգութիւնները արդիւնաւէտ ձեւով կասեցուած են` թշնամիին  պատճառելով մեծ կորուստներ:

Երկրի նախագահին բնութագրումով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատասխան գործողութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուած են Արցախի զինեալ  ուժերու մարտունակութեան բարձր մակարդակը, զինուորներու անսասան ոգին եւ հայրենասիրութիւնը, հասարակութեան համախմբուածութիւնը արտաքին վտանգի դէմ եւ անոնց պատրաստակամութիւնը պաշտպանելու երկրին անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն  յայտնած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան եւ ամբողջ անձնակազմին, Արցախի ազատամարտիկներուն, համապատասխան կառոյցներու ստորաբաժանումներու ծառայողներուն, մեր ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` որեւէ ոտնձգութիւն համախմբուած եւ արդիւնաւէտօրէն կասեցնելու ունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն համար, ատիկա  նկատելով արհեստավարժութեան եւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:

Երկրորդ հարցին  վերաբերեալ զեկուցած է փոխվարչապետ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Աղաբեկեան:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներուն բարձր մակարդակով կազմակերպումը:

 

Նախորդը

Պարգեւ Սրբազան. «Մեր Խաղաղապահ Ուժերը, Մեր Երաշխաւորը Մեր Բանակն Է»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.