Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴՈ՛Ւ, Ո՜Վ ԲԱՐԵԿԱՄ…» (Հեղինակ` Հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեան ԿՄ.)

July 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն` հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի «Դո՛ւ, ո՜վ բարեկամ…» խորագրեալ քերթողագիրքը` մեկենասութեամբ մխիթարեանցի Յակոբ Անդրանիկ Թէքէեանի:

Սոյն քերթողագիրքը կը բաղկանայ 192 էջերէ: Հաւաքածոյ մըն է ան բազմաբնոյթ քարոզներու, որոնց նիւթերը առհասարակ քաղուած են Աւետարանէն եւ կը փոխանցեն ընթերցողին բարոյական թելադրանքներ:

Յովսէփ վարդապետ կ՛ըսէ, որ թէեւ Յիսուս չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, բայց երրորդ օրը յարութիւն առաւ: Հետեւաբար մենք` հաւատացեալներս պէտք չէ փնտռենք յարուցեալ Տէրը մեռելներուն մէջ, որովհետեւ Ան խորհրդանիշն է յաւիտենական կեանքի, որ իր մահուամբ զգետնեց մահը:

Կ՛ըսէ, թէ Յիսուս ծնաւ պարզ ու անշուք քարայրի մէջ, որպէսզի իր ծնունդով իրազեկ ըլլանք այն ճշմարտութեան, թէ իսկական մեծութիւնը կը կայանայ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ: Թէ` Քրիստոս մարդացաւ փրկելու համար համայն մարդկութիւնը մեղքի կալանքէն եւ տալու աշխարհին` Իր երկնային խաղաղութիւնը:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Հռոմի անգութ կայսրը` Յուլիանոս, հակառակ իր գործադրած ոճրապատ արարքներուն, չկրցաւ բնաջնջել քրիստոնէութիւնը: Բայց իր կարճատեւ իշխանութեան աւարտին ընդունեց իր պարտութիւնը եւ խոր հիասթափութեամբ հաստատեց անհերքելի այն իրողութիւնը, թէ Քրիստոս անգերազանց զօրութիւնն է տիեզերքի…

Յովսէփ վարդապետ կ՛ըսէ, թէ Աստուած ստեղծեց մեզ Իր պատկերին համաձայն: Բայց մենք պէտք է սրբագրենք մեր մարդկային թերութիւնները` ըլլալով բարեգործ եւ առաքինասէր, որպէսզի կարենանք անաղարտ պահել մեզի շնորհուած աստուածային դիմագիծը:

Հեղինակը կ՛ըսէ,  որ եթէ աղօթենք ջերմեռանդ հաւատքով, մեր խնդրանքները լսելի կը դառնան Աստուծոյ, որ հայրական Իր հոգածութեամբ կ՛իրագործէ մեր բոլոր բաղձանքները: Այս յղացքով ան կը յիշէ պարագան Յովհաննէս Մկրտիչի հօր` Զաքարիային, որուն աղօթքը լսելով` Աստուած զաւակ մը շնորհեց անոր: Յովսէփ վարդապետ կը թելադրէ, որ աղօթենք շարունակ այն խորաշունչ գիտակցութեամբ, թէ աղօթքն է հոգեկան անքակտելի կապը` Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ:

Կ՛ըսէ, թէ մայիսը Աստուածամօր ամիսն է, երբ պէտք չէ արտաբերենք տխուր եւ լալահառաչ երգեր, այլ փառաբանենք եւ օրհներգենք Տիրամայրը` «հոգեզուարթ աղօթքով»:

Հեղինակը կը թելադրէ մարդոց, որ չըլլան կալանաւորը տարակոյսի եւ կասկածի, չըլլան անհաւատ եւ չփնտռեն իրենց կորուսեալ հաւատքը` մեղքի յորձանուտին մէջ: Թէ` հաւատքը գոյութիւն ունի ամէնուրեք, կ՛ապրի մեր սրտերուն մէջ եւ կը բեղմնաւորէ մեր կեանքը` իր յուսադրիչ եւ բարերար ներգործութեամբ:

Յովսէփ վարդապետ կ՛ըսէ, թէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը երեք հիմնական նախադրեալներն են մեր էութեան: Հետեւաբար ան կը թելադրէ, որ միշտ յոյսով շնչաւորուինք, որպէսզի արգասաւոր դառնայ մեր առօրեայ աշխատանքը: Թէ` սէրը ամէն տեղ է, ան կը գտնուի բնութեան բոլոր երեւոյթներուն մէջ: Այս համոզումով կը յորդորէ, որ ըլլանք հետամուտ սիրազեղ զգացումներու, որպէսզի դառնանք անբաժան մէկ մասնիկը համամարդկային ապրումներու:

Հեղինակը կը հաստատէ, թէ առաքինութիւն է ներելը, որ մեզ զերծ կը պահէ ջղագրգիռ վիճակներէ: Հետեւաբար հարկ է, որ ըլլանք անյիշաչար ու ներող, որովհետեւ, կ՛ըսէ. «Ներումը կը մաքրէ մթնոլորտը,

ներումը կը պայծառացնէ միջավայրը,
ներումը կը հրճուեցնէ ներուողը,
ներումը կը կատարելագործէ ներողը»:

Յովսէփ վարդապետ կը թելադրէ, որ տէր կանգնինք մեր պապենական ժառանգութեան եւ սրբազան աւանդներուն եւ փոխանցենք զանոնք գալիք սերունդներուն: Սիրենք մայրենի լեզուն, որ մեր անփոխարինելի հարստութիւնն է:

Կը թելադրէ, որ սիրենք եւ յարգենք մեր ծնողները, մանաւանդ երբ խոր ծերութեան հասած ըլլան անոնք:

Կ՛ըսէ, թէ Քրիստոս Լոյսն է աշխարհի, թէ մենք պէտք է հետեւինք երկնաշնորհ այդ Լոյսին` հաւատացեալի ջերմեռանդութեամբ: Այս առիթով կը յիշէ գերմանացի իմաստասէր-բանաստեղծ Կէօթէն, որ թէեւ ուրացաւ երկնային այդ Լոյսը, բայց, հետագային: դառնապէս զղջաց եւ տառապագին ցանկութեամբ փնտռեց զայն իր մահուան սնարին մէջ, ուր փակեց աչքերը` «Լո՜յս… Լո՜յս…» աղաղակելով…

Արդարեւ, Հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեան «Դո՛ւ, ո՜վ բարեկամ…» խորագրեալ քերթողագիրքին մէջ արծարծած է բարոյագիտական սկզբունքներ, որոնք հիմնաւորուած են քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքի վրայ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յուլիս, 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ. Ե՞ՐԲ ԱՃԸ ՍՆԱՆԿԱՑՈՒՄԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.