Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻԱ. Ե՞ՐԲ ԱՃԸ ՍՆԱՆԿԱՑՈՒՄԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ

July 15, 2011
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի թերացումին հանդէպ համաշխարհային մտահոգութեան լոյսին տակ, Թուրքիոյ համար մտահոգիչ զարգացում մըն է ծաղկող շուկաներու հանդէպ ներդրողներու աճող հեգնանքը, ծաղրը:

Համաշխարհային ելեւմտական դանդաղ տեսարանին մէջ, համեմատական աստղ մը` Թուրքիա 2010 թուականին արձանագրեց ընդհանուր ներքին արտադրութեան 8,9 առ հարիւրի աճ, իսկ այս տարուանը` 5,5 առ հարիւր, ըստ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան պատրաստած վերջին ուսումնասիրութեան:

Բաղդատելու համար նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը միայն 1,8 առ հարիւր աճ կը նախատեսէ արձանագրել 2011 թուականին:

Հակառակ տնտեսական առողջութեան փայլքին, որ կը պարտի բարգաւաճումի ծրագիրներուն, Թուրքիա կը գօտեմարտի տնտեսական հիմնական մարտահրաւէրներու հետ, մասնաւորաբար` գործազրկութեան: Ըստ Թուրքսաթի` թրքական կառավարութեան, վիճակագրական գործակալութեան գործազրկութեան համեմատութիւնը մարտին բարձրացած է 10,8 առ հարիւրի, 2010 նոյն ժամանակաշրջանին 2,9 առ հարիւր նուազ: Ձախ Թեքող Յառաջդիմական առեւտրական միութիւններու համադաշնակցութեան վերջին տեղեկագիրը, սակայն, կը պնդէ, թէ գործազրկութեան իսկական համեմատութիւնը շատ աւելի բարձ է. 17,68 առ հարիւր:

Այս զարտուղութեան, անհամապատասխանութեան պատճառը այն է, որ թուրքսաթ գործազրկութիւնը կը հաշուէ` ուսումնասիրելով ներկայացուցչական օրինակներ, նմուշներ: Անհատներ, որոնք կրնան աշխատիլ, սակայն գործ չեն փնտռեր, կամ կ՛աշխատին «Գորշ տնտեսութեան» մէջ, չեն հաշուառուած իբրեւ գործազուրկ: «Գորշ տնտեսութիւնը» երկրի ազգային տնտեսութեան գրեթէ կէսն է, ըստ թուրք պաշտօնատարներու:

Ալթուկ Օզկուր, որ գլխաւոր տնտեսագէտն է Պոլսոյ մէջ ՊԿԿ գործընկերներու ընկերութեան (Նիւ Եորք տեղակայուած խորհրդատուական հիմնարկ մը), կ՛ըսէ, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մեծամասնութեան տարիքը` 75 միլիոն բնակչութեան 50 առ հարիւրին տարիքը 28-էն նուազ է, ասիկա կը նշանակէ, որ` «Կառավարութիւնը գործազրկութեան համեմատութիւնը անփոփոխ պահելու համար ամէն տարի 7 հարիւր հազար նոր գործատեղեր, գործի առիթներ պէտք է ստեղծէ»: Ասիկա դիւրին առաքելութիւն մը չէ: Կառավարութիւնը հսկայ ենթակառոյցի ծրագրեր ունի, բայց ընդհանրապէս աշխատանք – ստեղծելու, ջանքերը կը դժուարանան:

Նոյն ատեն, Թուրքիոյ Դրամատնային կանոնակարգումի եւ հսկողութեան գործակալութեան վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ սպառողական փոխառութիւնները 47 առ հարիւրի բարձրացած են ապրիլին` հասնելով 152,7 միլիոն թրքական թղթոսկիի կամ` շուրջ 93,3 միլիառ ամ. տոլարի: Փոխառութեան վաւերացումը դիւրաւ կարելի է շահիլ, նոյնիսկ` Էս. Էմ. Էս.ի միջոցով: Թէեւ դրամատուները, կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ մէջ չհատուցուող  փոխառութիւններու թիւը ցած է:

Վարկային կէտերու դիւրին մուտքը Թուրքիոյ համար դժուարութեան այլ գետին մըն է. ընթացիկ հաշիւի համեցող բացը, կամ` ներածումներու եւ արտածումներու տարբերութիւնը: Այս տարի կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ, որ ընթացիկ հաշիւի բացը ընդարձակուի 42 միլիառ տոլարի, կամ` ներքին արտադրութեան 5,4 առ հարիւրի:

Որոշ վերլուծաբաններ կը մտահոգուին, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը վտանգաւոր կերպով սկսած է նմանիլ 1994 եւ 2001 թուականներուն գտնուած վիճակին, երբ սնանկացաւ:

Փոխանակ տեղական արտադրութեան, որ կրնայ նպաստել ընթացիկ հաշիւի պակասուրդի տագնապը լուծելու, Թուրքիոյ տնտեսական աճը կու գայ կարճաժամկէտ գումարներէ, որոնք կը ներարկուին օտարերկրեայ ներդրողներու կողմէ` փնտռելով, ակնկալելով աւելի մեծ եկամուտներ, քան` այն հասոյթները, որ կը ստանան եւրոպական գօտիին մէջ: Օտար գումարներու Թուրքիա հոսքով դրամատուները կրցան աւելի մեծ գումարներ տրամադրել, նաեւ երկարաձգել վարկերու վճարման ժամկէտը եւ պահանջը աճ արձանագրեց: Մինչ կարճաժամկէտ գումարներու հոսքերը կ՛եռացնէին, շատ կը տաքցնէին տնտեսութիւնը, սպառողական ծախսերը Թուրքիան դրին դիրքի մը վրայ, կացութեան մը մէջ, ուր ան չի կրնար դրամ յատկացնել ընթացիկ հաշիւի բացին, եթէ գումարը` մայր գումարը անհետանայ: Խնդիր մը, որ յանգած է նախորդ սնանկացումներուն:

«Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա իր կառոյցով ընթացիկ բաց հաշիւով խնայողական երկիր է, տնտեսական աճը անխուսափելիօրէն կու գայ ընդլայնուած ընթացիկ հաշիւի բացով», ըսաւ տնտեսագէտ Օղլեմ Տերիճի, կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ գործօն, ելեւմտական Էրսթ խումբէն (Աւստրիա):

2010-ի վերջաւորութեան ներքին արտադրութեան գծով Թուրքիոյ խնայողութիւններուն համեմատութիւնը 12,6 առ հարիւր էր:

Սրբագրելու համար այդ անհաւասարակշռութիւնը եւ փոխառութիւններու աճը շրջանցելու նպատակով, Կեդրոնական դրամատան յունուարին բարձրացուց պահեստի գումարներու համեմատութիւնը, որ պարտադիր է առեւտրական դրամատուներուն, եւ այդպիսով փոխառութիւնը աւելի սուղ դարձուց:

Օտարերկրեայ գումարներու ներհոսքը դանդաղեցնելու համար դրամատան ելակէտային տոկոսադրոյթը կրճատուած է 6,25 առ հարիւրի, որ աննախընթացօրէն ցած մակարդակ մըն է:

Թրքական թղթոսկիին` լիրային արժէքը 1,6446 տոլար է, վերջին 26 ամիսներուն ամէնէն ցածը, սակայն սպառողական պահանջը կը շարունակէ աճիլ: Ապրիլին Կեդրոնական դրամատունը բարձրացուց իր տարեվերջի սղաճի կանխատեսումը մինչեւ 6,9 առ հարիւրի` նախորդ 5,9 առ հարիւրէն: Տնտեսագէտներուն մեծ մասը կը նախատեսէ, որ Կեդրոնական դրամատունը: Պիտի աւելցնէ տոկոսները տարեվերջին, երբ կը սպասուի, որ սղաճի աւելի զգալի բարձրացում արձանագրուի:

«Կեդրոնական դրամատունը եթէ յունիսին պահպանէ անմեղ ձայնը, թոնը, մենք կը հաւատանք, որ ան պիտի ստիպուի հետագային որդեգրել աւելի խիստ քաղաքականութիւնը` փոխարժէքի արժեզրկումն ու սղաճը, հակակշիռի տակ պահելու համար», կը գրէ թուրք տնտեսագէտ Սելիմ Ճաքիր:

Կեդրոնական դրամատունը մերժեց «Եուրէյժիանեթ»ի շնորհել հարցազրոյց մը` քննարկելու համար դրամավարկային քաղաքականութիւնը:

Ընթացիկ հաշիւի բացը վերահսկելը Կեդրոնական դրամատան գլխաւոր մտահոգութիւնը կը թուի ըլլալ, սակայն որոշ վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն, որ աւելի բարձր սղաճը եւ ընթացիկ հաշիւի խոշոր բացը կարելի է հանդուրժել, երբ Թուրքիա «կը մեկնի դէպի աճ» նոյնիսկ եթէ այդ աճին թիւերը կախեալ են օտար դրամէ:

«Յստակօրէն, Յունաստանի տագնապին լոյսին տակ, եւ աճի ու տնտեսական տուեալի հրապարակումով, հաւանական է, որ Թուրքիա շարունակէ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել թրքական աճի նմուշի կայունութեան եւ թրքական լիրային արժէքը կայուն պահելու աշխատանքին վրայ», կը գրէ Սկովտիոյ Արքայական դրամատան կառավարիչ Թիմոթի Աշ, 28 յունիսի ե-նամակին մէջ: Ան կ՛աւելցնէ. «Հաւանական է, որ շուկան շարունակէ այն գաղափարին վրայ, թէ թրքական տնտեսութիւնը կ՛եռայ, իսկ լիրան խոցելի կը մնայ»:

ՃԱՍԹԻՆ ՎԵԼԱ

«Եուրէյժիա Նեթ»

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ԸՆՏՐԱՆՔ` ՕԹԱՆ-Ի ԵՒ ՈՉ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

«ԴՈ՛Ւ, Ո՜Վ ԲԱՐԵԿԱՄ…» (Հեղինակ` Հ. Յովսէփ վրդ. Թոփալեան ԿՄ.)

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.