Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ազգերու 47-րդ Փառատօն` Նուիրուած Հայաստանի Մեծարման

August 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ Չիթա տի Քասթելլօ քաղաքին մէջ 27 օգոստոսէն  6 սեպտեմբեր 2014 պիտի կայանայ Ազգերու 47-րդ փառատօնը, որ նուիրուած է հայ ազգին եւ Հայաստանի մեծարման: Փառատօնին հիմնական ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հայկական երաժշտական ժառանգութիւնը իր բոլոր բաժիններով` համանուագային եւ սենեկային, ժողովրդական, դասական, հոգեւոր, աշխարհիկ, երգչախմբային եւ միջնադարեան շարականներ: Փաստօրէն երաժշտական ճամբորդութիւն մը` «Կանչող քարերու երկիր»-ին մէջ, ինչպէս որ ըսած է ռուս բանաստեղծ Օսիպ Մանտելշտամը:

«Հայաստանը ընտրելով` մենք դուրս եկանք Եւրոպայի սահմաններէն,- կ՛ըսէ փառատօնի նախագահ Ժիւլիանօ Ժիւպիլել,- եւ ընտրեցինք երկիր մը, որ իր տանջալի պատմութեան մէջ ունեցած է ամուր կապեր մեր ցամաքամասին հետ: Ընտրեցինք Հայաստանը ոչ թէ անոր համար, որ ան առաջին պետութիւնն է, որ ընդունած  է քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, այլ անոր համար, որ ունի երաժշտական հարուստ աւանդութիւն, եւ մենք ցանկութիւն ունինք կեդրոնանալ այս երկրին ու ժողովուրդին վրայ մանաւանդ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին կը գտնուինք»:

Իսկ գեղարուեստական ղեկավար Ալտօ Սիզիլլօ կ՛ըսէ.  «Այս երկիրը դարեր շարունակ Արեւելքը Արեւմուտքին միացնող ճանապարհը եղած է, եւ այս ըսուածին լաւագոյն վկայութիւնը երաժշտութիւնն է, որովհետեւ անոր ընդգրկած ոճական տարրերը կը պատկանին թէ՛ արեւմտեան մշակոյթին եւ թէ՛ Միջին Արեւելքին: Հայաստանի այս մեծարանքը հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու իր դիւթիչ մշակոյթին բազմակողմանի երեւոյթները` դասական երաժշտութենէն սկսելով մինչեւ աւանդականը`  իր գուսաններով եւ տուտուկահարներով»:

Հարկ է նշել, որ փառատօնին բացման հանդէս պիտի գայ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը: 47-րդ փառատօնը իր 14 ելոյթներով պիտի ներկայացնէ Արամ խաչատուրեանէն, Մակար Եկմալեանէն, Կոմիտաս վարդապետէն կտորներ: Ելոյթ մը պիտի տրուի հայկական ժողովրդական նուագարաններով: Փառատօնի երրորդ օրուան հանդիսութիւնը պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ սփիւռքին: Փառատօնին թեմաներէն է նաեւ Արարատ լեռը,  հայ եւ իտալական բանաստեղծութիւնները, որուն ընթացքին պիտի համեմատուին Ֆիլիփփօ Ֆանոյի եղանակն ու Ալտա Մերինիի բանաստեղծութիւնը, Վաչէ Սարաֆեանին համադրութեան հետ, որ ներշնչուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Եղիշէ Չարենցի տողերէն: Տեղ պիտի տրուի նաեւ ժամանակակից երաժշտութեան: Հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ ներկայացնելու Նափոլիի հայ համայնքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքի երաժշտական արխիւէն երաժշտական պատկերներ:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս փառատօնը երիտասարդ երաժիշտներուն մասնագիտնալու առիթներ պիտի տրամադրէ, որոնք պիտի տրուին լաւագոյն հինգ աշակերտներուն:

Ինչպէս նաեւ Ֆրետերիք Մոնտելչիի ղեկավարած սաքսոֆոնի դասարանին ամէնէն աւելի տաղանդաւոր երաժիշտը պիտի շահի «Ալպերթօ Պուրրի » երիտասարդ արուեստագետի 2014-ի մրցանակը:

http://www.festivalnazioni.com/en/

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մշակոյթը Պէտք Է Մերժէ Դիւանագէտ Ըլլալ

Յաջորդը

Արմենակ Ինքնամտրակումի Հիւանդ Դարձած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.