ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զուր տեղ յաւելեալ աշխատանք մի՛ կիրարկէք անկարեւոր արդիւնք մը ապահովելու համար: Աւելի կարեւոր հարցերու տրամադրեցէք ձեր ժամանակը: Խոհեմ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սեղանի մը շուրջ պիտի համախմբուիք ձեր վաղեմի բարեկամներուն հետ: Հին, բայց քաղցր յուշերով պիտի համեմէք այս հանդիպումը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործատան մէջ նորագիրի մը վարքին եւ հմտութեան մասին, պիտի դիմեն ձեր բարեխօսութեան` վաւերական կարծիք մը ունենալու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սեփական ուժերուն վստահիլը անշուշտ վստահութիւն եւ լաւատեսութիւն կը պատճառէ: Այսուհանդերձ, մի՛ անտեսէք ուրիշներու կարողութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի երթաք պաշտօնատեղի մը, բայց առանձին մի՛ երթաք. ոչ թէ ինքնավստահութեան պակասը ունիք, այլ կրնաք հանդիպիլ չարամիտ նախանձողի մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձախող օրերու համար գումար մը պահեցէք ճերմակ օրերու ձեր շահէն: Կեանքը ունի իր պահանջները: Բոլոր օրերը գարուն չեն, ձմեռներ կան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներուն աչքին մէջի շիւղը գերան մի՛ կարծէք: Դուք ալ կրնաք ունենալ թերութիւններ կամ սխալներ, ինքնաքննարկում ըրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օգնութեան ձեռք երկարեցէք հիւանդի մը` անոր թելադրելով բուժման յաջող ձեւեր: Եթէ բժիշկ չէք, կրնաք փոխանցել ձեր փորձառութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք» հայկական առածը կայ: Այս կը նշանակէ, որ պէտք է արդար կեցուածք ունենալ անձի մը նկատմամբ, նաեւ ճշմարիտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մոռնաք այն ժամանադրութիւնը, որ ձեր աշխատանքին կը վերաբերի: Օրուան ընթացքին պիտի լսէք որոշ փոփոխութիւն: Պիտի օգտուիք ձեր հանդիպումէն: Յաջող է օրը: Իրատես եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր ներկայ մի՛ ըլլաք հոն, ուր հրաւիրուած էք: Ուրախ պիտի չըլլաք, հոն պիտի լսէք անիմաստ հարցերու մասին զուր զրոյցներ: Խոհեմ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք ամառնային եղանակի տաքին եւ պաղին: Ուշադրութեամբ օգտագործեցէք զովացնող օդի մեքենան: Հեռու կեցէք հարբուխէ վարակուած անձերէ:
